ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ պետական դաւաճանութեան այլ դէպքի մը բացայայտման մասին:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ԱԱԾի կողմէ ձեռք բերուած են բաւարար տուեալներ այն մասին, որ Հայաստանի քաղաքացի Մ.Ս.ն, 2015ի ընթացքին արտագնայ աշխատանքի նպատակով գտնուելով Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ, յայտնուելով այդ երկրին մէջ գործունէութիւն ծաւալած ատրպէյճանական հետախուզական ծառայութիւններու տեսադաշտին մէջ եւ հաւաքագրուելով վերջիններուս աշխատակիցներուն կողմէ, Հայաստան վերադառնալէ ետք՝ 2019ին, առաջարկ ստացած է գումարի դիմաց Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին անվտանգութեան, զինուած ուժերու, սպառազինութիւններուն մասին տեղեկութիւններ ձեռք բերելու կամ արդէն իսկ իրեն հասանելի դարձած տեղեկատուութիւնը փոխանցելու վերաբերեալ։ Այս տեղեկութիւններու կարգին են բանակի անձնակազմին, զէնքի, զինամթերքի եւ զինուորական համակարգի քանակին եւ տեսակին, զօրամասերուն եւ անոնց հրամանատարական կազմին, պաշտպանական շրջաններուն, ճարտարագիտական կառոյցներուն, սարքաւորումներուն, իսկ վերջին շրջանին` նաեւ մարդկային կորուստներուն եւ այլնի վերաբերեալ։ Ան, ընդունելով առաջարկը, լրտեսութեամբ՝ կատարած է տրուած առաջադրանքները եւ անոր դիմաց որպէս վարձատրութիւն ստացած զանազան չափերու գումարներ:
«Ընդ որում, որոշակի առաջադրանքներ կատարելու համար Մ.Ս.ն, շարունակելով իր յանցաւոր մտադրութեան իրականացումը, կրկնակի բժշկական հետազօտութեան միջոցով վերացրել է զինուորական ծառայութեանը խոչընդոտող սահմանափակումները, միջոցներ է ձեռնարկել ծառայութեան անցնելու Հայաստանի զինուած ուժերում՝ այդ եղանակով կրկին տեղեկութիւններ հաւաքագրելու եւ թշնամական գործունէութիւն իրականացնելու համար այլ պետութեանը փոխանցելու նպատակով, ինչը սակայն նրան չի յաջողուել, քանի որ պատկան մարմինների կողմից մերժուել է նրան աշխատանքի ընդունելու դիմումը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Դէպքին առթիւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Քրէական օրէնսգիրքի 299րդ յօդուածի (պետական դաւաճանութիւն) առաջին մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, որուն ծիրին մէջ Մ.Ս.ն ձերբակալուած է եւ հարցաքննութեան ընթացքին կատարած է խոստովանութիւններ։