ԱԹԷՆՔ.- Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբերին, բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Գագիկ Ալթունեանի մարդասիրական ցուցահանդէսին, Աթէնքի մէջ: Մեծ թիւով կտաւներու ցուցադրութեամբ՝ յայտնի արուեստագէտը կը ներկայացնէ իր մեծ տաղանդը եւ անոնց հասոյթը կը տրամադրէ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ֆոնտին՝ Արցախի օգնութեան հասնելու համար:
Ցուցադրուած կտաւները կը վաճարուին իրենց գինին 50-70 տոկոս զեղչով:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 13 Նոյեմբեր։