ԱԹԷՆՔ.- Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած պատերազմի սկիզբէն, Յունաստանի մէջ գործող պոնտական միութիւնները եւ անոնց մամուլը կանգնած են հայութեան կողքին:
Անոնցմէ մէկն է նաեւ «Փոնտիաքի Ղնոմի» ամսաթերթը, որ լայն տարածութիւն ունի պոնտական եւ յունական հասարակութեան մէջ:
Ամսաթերթը իր վերջին թիւին կողքը եւ խմբագրականը նուիրած է հայերուն՝ յատկանշանակօրէն գրելով. «Դաս մը յոյներուն համար. հայերուն ամենայաջող դիմադրութիւնը ֆաշականութեան դէմ, անոնց հայրենասիրութիւնն է»: Թերթը կը նշէ որ հայերուն կողմէ տրուած պատգամը ազգային տեսիլքի գայութիւնն է՝ ընդգծելով, որ Յունաստան եւս պարտի հայերուն օրինակով զօրացնել իր ազգային հիմերը: