ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուած թուրք-ազրպէյճանական վայրագ յարձակումներու միջազգային հանրութեան կոչերուն կողքին, Լեհաստանի պետութեան ուղղուած մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու լեհահայ միութիւններու, հոգեւորականներու եւ անհատներու կոչին միացան յույներ եւ պուլկարացիներ: Լեհաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ուղղուած կոչի հեղինակները կը խնդրեն անյապաղ վճռական միջոցներու ձեռնարկելու եւ օգնելու Արցախի հայութեան: Հոկտեմբերի վերջին օրերուն յղուած կոչին հեղինակները՝ իբրրեւ Լեհաստանի քաղաքացիներ, իրենց կոչը ուղղեցին Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահ Անտժէյ Տուտային, վարչապետ Մաթէուշ Մորավիեցքիին, արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուին եւ Լեհաստանի Հանրապետութեան Սէյմի նախագահ Էլժպիէթա Վիթեքին եւ Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտի նախագահ Թոմաշ Կրոցքիին:
Կոչը լեհական իշխանութիւններէն կը խնդրէ անհապաղ միջոցներու ձեռնարկել մարդասիրական օգնութիւններ ապահովելու արցախահայութեան դէմ 27 Սեպտեմբերէն ի վեր իրականացուող յարձակումները, ռազմական գործողութիւնները կասեցնելու եւ արցախահայութեան զոհերու եւ մասնաւորապէս մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու համար օգտագործելու հնարաւոր բոլոր պետական միջոցները:
Կոչը կը պարունակէ նաեւ վերոյիշեալ բոլոր կողմերէն միջազգային հարթակներու վրայ մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու հրատապ այս հարցը բարձրաձայնելու, միջազգային արագ գործողութիւններ ձեռնարկելու խնդրանքը, կոչ ուղղելով նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան հայ կեանքեր խնայելու եւ պաշտպանելու անյետաձգելի հրամայականը, խնայելու եւ կանխարգիլելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէճանի կողմէ նախատեսուած հայասպանութեան եւ հաւանական ցեղասպանութենէն:
Կոչը լեհական պետութեան կը յիշեցնէ նաեւ, որ Լեհաստան բարոյական պարտաւորութիւնը մը ունի, մանաւանդ որ Լեհաստանի խորհրդարանը 19 Ապրիլ 2005ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կոչին հեղինակները կը շեշտեն, որ չեն փափաքիր որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ, այսօրուան ռազմական պայմաններուն մէջ, արցախահայութիւնը եւ Արցախը ընդհանրապէս չունին միջազգային ընտանիքին կողմէ անվտանգութեան երաշխիքներ, ներառեալ մարդկային կեանքի հիմնական իրաւունքը, ուստի հայ ժողովուրդին սպառնացող ցեղասպանութեան վտանգը այսօր մեծ հաւանականութիւն ունի, աւելի քան երբեւէ :