Անցեալ շաբաթ, չորս օրերու վրայ տարածուած միջկրօնական միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք G20ի օրակարգի հարցերու քննարկման յատկացուած: Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն G20ի հանդիպումներուն առընթեր միջկրօնական համագումարներ տեղի կ՛ունենան՝ պարզելու կրօններու եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու հայեցակէտերը G20ի կողմէ քննարկուելիք հարցերուն շուրջ: Այս անգամ նշեալ համագումարը կազմակերպուած էր չորս միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ՝ Ապտալլահ Բ. թագաւորի հիմնած միջկրօնական եւ մշակութային կեդրոն (KAICID), G20 միջկրօնական Ֆորում (G20 interfaith forum), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան բաժանմունք (UNAOC) եւ հանրային հիւանդութիւններու կանխարգիլման կեդրոն (NCIRD):
G20 պետական ղեկավարներու 2019ի տարեկան համագումարը տեղի ունեցած էր Օսաքայի (Ճափոն) մէջ: Այս տարի տեղի պիտի ունենայ Ռիատի (Սէուտական Արաբիա) մէջ, 21-22 Նոյեմբերին:
Համագումարը տեղի ունեցաւ առցանց: Անոր մասնակցեցան արաւել քան 300 քաղաքացիական, հասարակական եւ կրօնական կազմակերպութիւններ, նաեւ միջազգային համբաւ վայելող փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Համագումարը չորս գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած էր եւ իւրաքանչիւր օր յատկացուած էր մէկ բաժինի նիւթերու ներկայացման եւ քննարկման. 1) «Քորոնա» ժահրը եւ անոր հետեւանքները չէզոքացնելու միջոցները, 2) Կնոջ, երիտասարդութեան, գաղթականներուն, ցեղապաշտութեան, աղքատութեան եւ դաստիարակութեան վերաբերող հարցեր, 3) Կենսոլորտային, մարդկային իրաւանց, կրօնական, ազատութեան եւ ինքնորոշման հետ աղերս ունեցող հարցեր, 4) Կրօնի դերը ընկերութիւնը յուզող հարցերու լուծման գծով;
Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած էր իբրեւ գլխաւոր դասախօս չորրորդ բաժինին: Իր խօսքին սկիզբը կաթողիկոսը շեշտեց, թէ ճիշդ չէ կրօնի դերը սահմանափակել սոսկ տագնապի լուծման շրջագիծին մէջ, այլ զայն անհրաժեշտ է տեսնել առաջին հերթին տագնապի կանխարգիլման մէջ: Հո՛ս կը կայանայ կրօնի եզակի դերը, ընդգծեց վեհափառը եւ նոյն ատեն յայտնեց, թէ կանխարգիլման եւ լուծման աշխատանքները հարկ է արժեւորել ու իրագործել նոյն շրջագիծին մէջ՝ իբրեւ զիրար ամբողջացնող մօտեցումներ։
Այս ընդհանուր խորքին վրայ հայռապետըը ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է յստակ զանազանութիւն մը դնել բնութեան հետ աղերս ունեցող տագնապներուն (օրինակ՝ երկրաշարժ), որոնց պատճառը մարդը չէ, եւ մարդուն վերաբեորղ տագնապներուն (օրինակ՝ կենսոլորտային հարցեր եւ պատերազմներ), որոնց պատճառը մարդն է: Կրօնին իւրայատուկ դերը անհրաժեշտ է քննարկել տուեալ տագնապի բնոյթին լոյսին տակ: Տագնապ մը կանխարգիլելու գծով վեհափառը հետեւեալ երկու օրինակները թուեց. Առաջին, բժշկական գիտութիւններու համաձայն կարելի է շարք մը հիւանդութիւններու առաջքը առնել մեր ապրելակերպը փոխելով: Երկրորդ, ընկերութիւնը դիմագրաւող շարք մը տագնապները կանխելը կարելի է արդարութիւն հաստատելով կամ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալով կամ մարդկային իրաւունքները յարգելով։
Խօսելով տագնապներու լուծման կրօնին բերելիք նպաստին մասին, հայրապետը այդ դերը ճշդեց հետեւեալ պարտաւորութիւնները մատնանշելով. նախազգուշական միջոցներու կենսական կարեւորութիւնը յիշեցնելով պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս ընկերութեան, աշխատելով արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար, բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը շեշտելով, ընկերութեան մէջ գործող կառոյցներուն հետ գործակցութեան գործընթացքներ հաստատելով, հասարակական ընկերութեան տեղեկութիւն ու մարդուժ տրամադրելով, ընկերութիւնը դաստիարակութեան ու ինքնագիտակցութեան մղող նախաձեռնութիւններու դիմելով, կարիքաւորներուն ընկերատնտեսական օժանդակութիւն կատարելով:
Այս ծիրին մէջ, Արամ Ա. երկու օրինակներ յիշեցուց. Առաջին, անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրի տագնապին՝ ան ըսաւ, թէ նոյնիսկ մեծ ազգեր ու բժշկական բնագաւառին մէջ կազմակերպուած ընկերութիւններ չկրցան արագ կերպով դիմագրաւել յիշեալ ժահրը, ինչպէս նաեւ պետական ու քաղաքական պատասխանատուներ՝ քաղաքական եւ տնտեսական մտահոգութիւններէ մեկնած ազդու միջոցներու չդիմեցին: Սակայն, կրօններ արագ շարժեցան թէ՛ իրենց լայն համացանցի ճամբով եւ թէ յարաբերական կապերու ու կառոյցներու միջոցաւ գործի լծուեցան մէկ կողմէ՝ ժողովուրդը զգուշացնելով եւ յստակ ուղղութիւն տալով ու միւս կողմէ՝ ընկերային օժանդակութիւններ կազմակերպելով: Երկրորդ, կենսոլորտային հարցերու գծով կրօնի նպաստը առաւելաբար պէտք է յիշեցումի եւ նոյնիսկ քննադատողի դերին մէջ ըլլայ, որովհտեւ կենսոլորտային տագնապներու յառաջացման պատասխանատուն մարդն է, մարդուն կողմէ բնութեան շահագործումն է ինչ-ինչ տնտեսաքաղաքական նպատակներու համար։
Եզրակացնելով իր խօսքը՝ վեհափառը շեշտեց կրօնին դերը ընկերութեան կեանքին մէջ եւ յատկապէս տագնապներ կանխարգիլելու ու անոնց լուծումներ որոնելու իմաստով եւ այս ուղղութեամբ հրամայական նկատեց կրօն, քաղաքացիական ընկերութիւն եւ պետութիւն սերտ գործակցութիւնը: Ապա հինգ անձեր աւելի լայն կերպով քննարկեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ արտայայտուած մտածումները՝ ատենապետութեամբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր փոխքարտուղար դոկտ. Թորայա Օպայտի: