ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբերին գումարեց իր 48րդ նիստը, որուն ընթացքին եռանուն ցանկէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ ընտրեց թեմին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը:
Այս առիթով, ընտրութեան արդիւնքին մասին Երեսփոխանական ժողովը տեղեակ պահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ անկէ հայցեց սրբազան հօր ընտրութեան վաւերացումը:
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 19 Հոկտեմբերին, Ազգային Երեսփոխանական ժողովին ուղղած իր Հայրապետական գիրով, կաթողիկոսը վաւերացուց առաջնորդական ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդին՝ անոր վստահուած առաքելութեան մէջ:
Նոյն ժամանակ, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նախորդ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, անցնող 25 տարիներուն անոր նուիրեալ ծառայութեան համար: