ՖԱՈՒԼԸՐ.- Քալիֆորնիոյ Ֆաուլըր քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ դատապարտեց Արցախի դէմ ատրպէյճանական բռնարարքները, նոյն ժամանակ ճանչնալով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անկախութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ քաղաքապետական խորհուրդը նաեւ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ նեցուկ կանգնին Արցախի ազատութեան սատարելու գործին:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Ղազարեան, որ ժողովին ներկայացուցած էր հռչակագիրը, նշեց, որ հայերուն դէմ ցեղասպան պատերազմին ընթացքին Ֆաուլըր քաղաքը կանգնած է Արցախի կողքին: