ՊԷՅՐՈՒԹ․- Ալիս Ներկիզեան (Գանատա) Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հաղորդեց, որ յանձն կ՛առնէ հոգալ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի բոլոր` 150 աշակերտներուն այս տարեշրջանի կրթաթոշակները:
Որոշումը հետեւեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններուն վերաբերող 24 Սեպտեմբերի յայտարարութեան, որմով պատրիարքութիւնը կը հաղորդէր, որ 2020-2023` երեք յաջորդական տարեշրջաններուն Մեսրոպեան եւ Հարպոյեան-Սուրբ Խաչ վարժարաններու ծնողները իրենց զաւակներու կրթաթոշակին միայն մէկ երրորդը պիտի վճարեն:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կրթական ամբողջ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ալիս Ներկիզեանին այս օգնութեան համար, որուն կարեւորութիւնը, նիւթական թէ բարոյական առումներով, անգնահատելիլ է ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ալիս Ներկիզեանի անունը կը կրէ Մեսրոպեանի մանկամսուրը, որ քանի մը տարի առաջ հիմնովին բարեկարգուեցաւ անոր զաւակին՝ Վարուժ Ներկիզեանի օժանդակութեամբ: