ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի՝ ղարաբաղեան տագնապը սրող յայտարարութիւնները ոչ մէկ պարագային Արցախի ժողովուրդը կրնան շեղել ընտրած ճանապարհէն: Այս մասին խօսեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութեան օրակարգային հարցերու քննարկման անցնելէ առաջ հանդէս գալով քաղաքական յայտարարութեամբ:
Ան նշեց, որ վերջին ժամանակներուն յաճախակի դարձած են պաշտօնական Պաքուի՝ տագնապը լարող յայտարարութիւնները, որոնք, սակայն, ոչ մէկ պարագայի Արցախի ժողովուրդը կրնան շեղել ընտրած ուղիէն: Ըստ նախագահ Յարութիւնեանի՝ հակառակորդին կողմէ կատարուած որեւէ սադրանքի պարագային, պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է պատիւով դուրս գալու իրավիճակէն՝ թշնամիին դարձեալ պարտադրելով խաղաղութիւն։