ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ես նախապէս մատնանշած եմ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կեղծաւորութիւնը ՝ ինքզինք պաղեստինցիներու «պաշտպան» հռչակելուն վերաբերեալ, նոյն ատեն պահպանելով Իսրայէլի հետ ռազմական, դիւանագիտական եւ տնտեսական կապերը:
Երուսաղէմ բնակող մրցանակակիր լրագրող Խալետ Ապու Թոամէ, որ «Կէյցթոն» հիմնարկի «Շիլմըն»ի լրագրութեան բաժանմունքի գիտաշխատող է, 25 Օգոստոս 2020ին ծաւալուն յօդուած մը հրապարակեց «Կէյցթոն» հիմնարկի կայքին վրայ՝ «Արաբները Եւ Մահմետականները՝ Թուրքիոյ Էրտողանին․ «Ինչո՞ւ Չես Բողոքեր Դուն Քեզի Դէմ» վերնագիրով։
Էրտողան օսմանցի սուլթաններէն ժառանգած է դիւանագիտական լարի վրայէն քալելու հմտութիւնը: Դարեր շարունակ Օսմանեան կայսրութիւնը կատարելագործած է երկու կռուող տէրութիւններու կողմ ըլլալու քաղաքական արուեստը։ Սուլթանները Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հետ էին՝ ընդդէմ Գերմանիոյ ու Գերմանիոյ հետ էին՝ ընդդէմ Ֆրանսայի ու Անգլիոյ։ Այժմ նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ Էրտողան՝ կարծես թէ պաղեստինեան կողմը ըլլալով՝ նոյն ժամանակ պահպանելով Իսրայէլի հետ բազմաբնոյթ յարաբերութիւնները:
Նմանապէս, Թուրքիա՝ ըլլալով ՆԱԹՕի անդամ, նոյն ատեն Ռուսիայէն կը գնէ ժամանակակից հրթիռներ, ինչ որ ՆԱԹՕի քաղաքականութեան խախտում է։ Զարմանալիօրէն, Էրտողան միաժամանակ թէ՛ Թրամփի, թէ՛ Փութինի լաւ ընկերն է․․․
Արաբական եւ իսլամական աշխարհներուն մէջ այս հակասական եւ կեղծաւոր վարքագիծը վերջապէս բացայայտուեցաւ՝ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) միւեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու լոյսին տակ:
14 Օգոստոս 2020ին, Էրտողան սպառնաց ԱՄԷին՝ դադրեցնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ յետս կոչեց Թուրքիոյ դեսպանը, մինչդեռ Թուրքիա ինք բնական յարաբերութիւններ կը պահպանէ Իսրայէլի հետ, ուր դեսպանատուն ունի, իսկ Իսրայէլ իր դեսպանատունը ունի Անգարայի մէջ․․․
Ապու Թոամէ կը յայտնէ, թէ ներկայիս բազմաթիւ արաբներ կը յիշեցնեն Էրտողանին, որ Թուրքիա մահմետական մեծամասնութիւն ունեցող առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Իսրայէլի պետութիւնը: Անոնք նաեւ կը յիշեցնեն՝ 2005ին Իսրայէլ կատարած Էրտողանի պաշտօնական այցելութեան եւ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ տասնամեակներու ռազմական, ռազմավարական եւ դիւանագիտական համագործակցութեան մասին:
Ահա քանի մը յայտարարութիւններ, զորս Ապու Թոամէ մեջբերած է արաբական եւ մահմետական աղբիւրներէ՝ բացայայտելով Էրտողանի կեղծաւոր դիրքորոշումը.
«Էրտողան տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու պաշտօնական հովանաւորն է: Ան այդ խմբաւորումները կ՛օգտագործէ արաբական երկիրները, որոնց կարգին՝ Սուրիա, Իրաք, Լիպիա եւ Եգիպտոս ապակայունացնելու համար…: Կը թուի թէ Էրտողան կը տառապի մտագարութենէ, որ կը զարմացնէ եւ կը շփոթեցնէ նոյնիսկ իր կողմնակիցները», գրած է եգիպտացի լրագրող Ատել Ալ Սանհուրի youm7.com կայքին վրայ, 21 Օգոստոս 2020ին։
Յորդանանցի գրող Նուրա Ալ Մոթեարի կու տայ հետեւեալը հարցումը․ «Արդեօք Էրտողան հոգեկան հիւանդութի՞ւն ունի եւ կը տառապի երկուութեա՞մբ կամ ան գիտէ՞, որ ճնշուած թուրք ժողովուրդին եւ «Մահմետական եղբայրներ»ու իր հետեւորդները կոյր հաւատարմութեամբ կը հետեւին իրեն եւ չեն տեսներ իրենց քիթէն անդին։ Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Էրտողան կը սպառնայ յետս կոչել իր դեսպանը Ապու Տապիէն՝ Իսրայէլի հետ պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրին պատճառով, այն պարագային, երբ Իսրայէլի դեսպանատունը կը գործէ Թուրքիոյ մէջ»։
«Ես համոզուած եմ, որ Էրտողան հոգեբոյժի կարիք ունի: Կը Հաղորդեն, որ Թուրքիա պիտի ծառայէ Իսրայէլի՝ իսրայէլցիները ԱՄԷ տեղափոխելով այն պահուն, երբ Էրտողան դէմ է (Իսրայէլի հետ) յարաբերութիւններու կարգաւորման: Յիմարութիւնը բուժում չունի», կը գրէ սէուտցի քաղաքական գործիչ Մոնզեր Ալ Շէյխ Մուպարաք:
Սէուտցի քաղաքական գործիչ Ապտուլլահ Ալ Պանտեր ընկերային ցանցի վրայ իր տեղադրած տեսանիւթին մէջ կ՛ըսէ, որ Էրտողան նշանաւոր է իր խօսքով, ոչ թէ իր գործունէութեամբ՝ աւելցնելով. «Ծիծաղելին այն է, որ Էրտողան նաեւ առաջին մահմետական առաջնորդն էր, որ այցելեց Իսրայէլի մէջ (սիոնիզմի հիմնադիր Թէոտոր) Հերցլի գերեզմանը եւ հանդիպեցաւ (այդ օրերու Իսրայէլի վարչապետ Արիէլ) Շարոնի հետ: Էրտողան առեւտուր կ՛ընէ պաղեստինեան հարցին հետ։ Թուրքիա առաւել քան 70 տարիներ յարաբերութիւններ ունեցած է Իսրայէլի հետ, սակայն այս տարիներուն ընթացքին ոչ մէկ լաւ բան ըրած է պաղեստինցիներուն համար»:
Սէուտցի գրող Ռաուաֆ Ալ Սոային նոյնպէս ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ տեղադրած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ մը հարցնէ․ «Ինչո՞ւ դուն (Էրտողան) յետ չես կոչեր քու դեսպանը Թել Աւիւէն եւ չես վռնտեր Թուրքիոյ մէջ գործող Իսրայէլի դեսպանը, որպէսզի քեզ հերոս եւ պաղեստինեան հարցին պաշտպան անուանենք։ Մեղադրելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները՝ Էրտողան կը դառնայ անմիտ եւ արհամարհելի»։
«Էրտողանի վարչակարգը չի փախցներ առիթը՝ պաղեստինեան հարցով սակարկելու եւ խաբելու բոլորը: Հակառակ Էրտողանի կեղծաւորութեան, որ բացայայտուեցաւ արաբական եւ իսլամական հասարակական կարծիքին մօտ, անոր վարչակարգը կը շարունակէ խաղալ մահմետականներու զգացումներուն հետ: Այնպէս կ՛երեւի, որ Թուրքիոյ նախագահը երկակի չափանիշեր կը կիրարկէ՝ անտեսելով Թել Աւիւի մէջ իր դեսպանին ներկայութիւնը», իր խմբագրականին մէջ գրած է սէուտական «Օքազ» թերթը:
«Շատ մը արաբներու խիստ արձագանգը Էրտողանի սպառնալիքին՝ նշան է այն բանին, որ անոնք կը հասկնան, թէ Թուրքիոյ նախագահը արաբական եւ մահմետական խաղաքարտ խաղցնող նենգ արկածախնդիր մըն է, որ կը փորձէ վերակենդանացնել իսլամական խալիֆայութիւնը իր իշխանութեան տակ: Դատելով Էրտողանի սպառնալիքին առիթով լսուած արաբական լայն արձագանգէն՝ Թուրքիոյ ղեկավարը կ՛ընդունուի ոչ թէ իբրեւ խալիֆայ մը, այլ՝ իբրեւ խելագար ամբոխավար եւ ահաբեկչութեան հովանաւոր մը», կ՛եզրափակէ Ապու Թոամէ:
Աւելին, թուրք լրագրող Պուրաք Պեքտիլ 27 Օգոստոս 2020ին, BESA կեդրոնին կողմէ հրապարակուած յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ դիւանագիտութեան նկատմամբ Թուրքիոյ երկերեսանի մօտեցման պատմական անցեալը։ «1948ին արաբ-իսրայէլեան պատերազմի ատեն, Թուրքիա չէզոք մնաց: Պատերազմին աւարտէն ետք, այդ օրերու Թուրքիոյ երիտասարդ հանրապետութիւնը դարձաւ առաջին մահմետական երկիրը, որ 28 Մարտ 1949ին ճանչցաւ Իսրայէլի նորաստեղծ պետութիւնը։ Յունուար 1950ին, Անգարա մասնագիտութեամբ դիւանագէտ Սէյֆուլլահ Էսինը ուղարկեց Թել Աւիւ՝ իբրեւ Իսրայէլի մօտ առաջին թուրք ժամանակաւոր հաւատարմատար։ 1951ին, Թուրքիա միացաւ արեւմտեան երկիրներու խումբին՝ բողոքելով Գահիրէի՝ Սուէզի ջրանցքով իսրայելեան նաւերու անցքը արգիլող որոշման դէմ: «Մոսատ»ը (Իսրայէլի հետախուզական գործակալութիւնը) 1950ականներու սկիզբը կեդրոն բացաւ թրքական հողին վրայ: 1954ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ատնան Մենտերես Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ընթացքին արաբական երկիրներուն կոչ ըրաւ՝ ճանչնալու Իսրայէլը», կը գրէ Պեքտիլ:
Հաւանաբար, Թուրքիոյ կեղծաւորութենէն աւելի վատ բանը այն է, որ արեւմտեան եւ արաբական երկիրները դիւրահաւատօրէն խաբուելով թրքական խորամանկութիւններէն՝ կը կարծեն, որ Թուրքիա իրենց բարեկամը եւ դաշնակիցն է։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ