ՀՈԼԻՎՈՒՏ․- Հոլիվուտի «Կրենթ» հանրային նախակրթարանը կը տեղեկացնէ, թէ պիտի սկսի հայերէն-անգլերէն երկլեզու դասաւանդումներու:
Նշենք, որ Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջաններուն հովանիին տակ գործող շարք մը այլ դպրոցներ եւս նման ծրագիրներ կ՛իրականացնեն։
Նախակրթական վարժարաններու պարագային, երկրորդ լեզուով դասաւանդումները կ՛ըլլան ընդհանուր դասաւանդման առնուազն կէսին չափով եւ կը սկսին մանկապարտզէն կամ Ա. դասարանէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ արձանագրուելու համար դիմել (323) 469-4046 թիւին կամ այցելել www.grantes-lausd.org կայքը։