Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու միացեալ նիստը՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ երկու ժողովներուն Լիբանանի ներկայ անդամները:
Վեհափառին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ գումարուած ժողովին սկիզբը, կաթողիկոսը ամփոփ գիծերով ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումէն ետք իր կողմէ կատարուած աշխատանքները. այցելութիւններ հայկական թաղեր եւ եկեղեցիներ, հանգանակութեան կոչ, գնահատանքի ու շնորհակալութեան նամակներ՝ իր կոչին ընդառաջած ազգայիններուն եւ ազգային մարմիններուն, ու Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան կողմէ կատարուելիք աշխատանքներու հետապնդում: Ապա, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան մանրամասն զեկոյց մը տուաւ՝ Լիբանանահայութեան վերականգումի յանձնախումբի կազմութեան, ենթայանձնախումբերու գործունէութեան, կատարուած վնասներու արժեւորման եւ այլ յարակից հարցերու մասին: Սրբազանին զեկոյցէն ետք կատարուեցաւ ընդհանուր քննարկում:
Ամփոփելով կատարուած քննարկումները՝ կաթողիկոսը հետեւեալ կէտերը ընդգծեց.
- Գնահատելի աշխատանք կատարուած է առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան կողմէ եւ վստահաբար նոյն ոգիով ու նուիրումով պիտի շարունակուի այս յոյժ կենսական աշխատանքը:
- Ընդառաջելով կաթողիկոսին կոչին՝ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գծով պատրաստակամութիւն կայ Հայաստանի, Արցախի, թեմերուն ու գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու ու անհատներու մօտ: Ողջունելի այս երեւոյթը պէտք է իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնէ:
- Առաջնորդին գլխաւորութեամբ լիբանանահայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ներկայացնող յանձնախումբ մը արդէն լծուած է աշխատանքի: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն երեք համայնքներ, երեք կուսակցութիւններ եւ երեք բարեսիրական միութիւններ: Հետեւաբար, լիբանանահայութեան վերականգնումին վերաբերող բոլոր աշխատանքները պէտք է կատարուին յիշեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կամ անոր կողմէ հովանաւորուած կամ ներդաշնակուած: Այլ խօսքով, կազմակերպութիւններու կամ անհատներու կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները, որոնք գնահատելի են, պէտք է ներդաշնակուին յանձնախումբին հետ, որպէսզի համայնքին վերականգնումի գործընթացքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու հեզասահ:
- Կաթողիկոսարանը լիբանանահայութեան վերականգնումի օժանդակութեան յատուկ հաշուեգլուխ մը բացած է Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ եւ զանազան առիթներով յիշեալ հաշուեգլուխը յայտարարուած է: Այս հաշուեգլխուն եկող գումարները ուղղակիօրէն եւ անմիջականօրէն պիտի փոխանցուին Ազգային առաջնորդարանին կողմէ Լիբանանի մէջ չորս դրամատուներու մէջ բացուած յատուկ հաշուեգլուխներուն, որպէսզի փոխանցումը ըլլայ կազմակերպ ու արագ: Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ յիշեցնել, որ լիբանանահայութեան վերականգնումին համար հաւաքուած բոլոր գումարները, բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն կամ անհատներուն կողմէ պէտք է փոխանցուին կա՛մ կաթողիկոսարանին կողմէ բացուած Ժընեւի հաշուեգլխուն կամ նոյն նպատակին համար Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի կողմէ բացուած յատուկ հաշուեգլխուն:
Լիբանանահայութեան վերականգնումին ի նպաստ կատարուող հանգանակութիւնները պէտք է ուղղուած ըլլան լիբանանահայութիւնը ներկայացնող վերոյիշեալ յանձնախումբին:
- Ցարդ շուրջ 600,000 ամերիկեան տոլարի եկամուտ եղած է լիբանանահայութեան վերականգնումին համար: Յիշեալ գումարները արդէն իսկ Ժընեւէն փոխանցուած են Ազգային առաջնորդարանին կողմէ բացուած հաշուեգլուխներուն: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է շուտով սկսիլ վերաշինութեան աշխատանքներուն եւ այս ծիրին մէջ հարկ է յստակ առաջնահերթութիւն տալ մեր ընտանիքներուն վնասուած տուներուն, ապա միայն եկեղեցիներուն, կրթական օճախներուն եւ համայնքային կեդրոններուն:
- Լիբանանահայութեան վերականգնումին առնչուած է նաեւ ժողովուրդին կենցաղային կարիքներուն օգտակար ըլլալու մեր ճիգը: Երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական պայմաններուն հետեւանքով անցնող շաբաթներուն թէ՛ կաթողիկոսարանը, թէ՛ Ազգային առաջնորդարանը եւ թէ կազմակերպութիւնները գնահատելի աշխատանք տարին այս ուղղութեամբ: Պէտք է շարունակուին այս աշխատանքները: Այս ուղղութեամբ հարկ է յատուկ գնահատանքով անդրադառնալ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին կողմէ մէկ միլիոն տոլարի համարժէք կատարուած օժանդակութեան՝ 3000 ընտանիքներու: Օժանդակութեան այս ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է՝ իրենց անմիջական հսկողութեամբ եւ յատուկ մարմինի մը ճամբով:
Ամփոփելով իր խօսքը՝ հայրապետը ըսաւ. «Ըսած ենք ու կը կրկնենք, լիբանանահայութեան վերականգնումը համահայկական առաջնահերթ յանձնառութիւն է ու պէտք է զայն իրագործել միասնաբար: Իւրաքանչիւր հայ, գաղութ, թեմ ու կազմակերպութիւն այս գծով ընելիք ունի՝ մասնակից դառնալով այս անյետաձգելի աշխատանքին»: