600,000 ՏՈԼԱՐ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԵՐԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
15 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ ի նպաստ լիբանանահայութեան Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ կազմակերպուած «Լիբանանի Կողքին» առցանց դրամահաւաքը, որուն իբրեւ արդիւնք, 4 Օգոստոսէն ի վեր սոյն նպատակով հանգանակուած ընդհանուր գումարը հասաւ 600,000 ամերիկեան տոլարի:
«Հայ Օգնութեան Միութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով եւ աջակցութեամբ քաջալերեցին այս նախաձեռնութիւնը: Հանգանակուած այս գումարը հայ ժողովուրդին հաւաքական ուժի փաստն է: Այս յաջողութիւնը բոլորիս ջանքերուն արդիւնքն է եւ անիկա կը պատկանի բոլորիս: Մեր ժողովուրդին ուժն է, որ մեզ կ՛ապրեցնէ: Լիբանանի հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ձեզի:
««Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» միասի՛ն ու մշտապէս: Կը խնդրենք, որ շարունակէք ձեր աջակցութիւնը ՀՕՄին: Շարունակեցէ՛ք զօրակցիլ Լիբանանի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը, որպէսզի լիբանանահայութիւնը դարձեալ վերականգնի եւ վերադառնայ իր փառքի օրերուն», յայտնեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան:
Յաջողութիւն արձանագրած գեղարուեստական յայտագիրը իրականացաւ «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանին համագործակցութեամբ եւ հայրենի թէ սփիւռքեան հայ տաղանդաւոր արուեստագէտներու սիրայօժար մասնակցութեամբ: Առաւել քան 54 հազար դիտորղներ օրին հետեւեցան ծրագիրին: Խորին շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնց հեռակայ աշխատանքին շնորհիւ այս կարճ ժամանակամիջոցին կարելի եղաւ կազմակերպել եւ սփռել յայտագիրը: Յայտագիրին կարելի է դարձեալ հետեւիլ «Երկիր Մեդիա»ի եւ ՀՕՄի դիմատետրի էջերուն վրայ:
Լիբանանահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրին մէջ, 17 Օգոստոսին, ՀՕՄի, «Code 3 Angels» ոչ-հասութաբեր կազմակերպութեան եւ Ամերիկայի Հայաստան համահայկական հիմնադրամին գործակցութեամբ, Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանէն երկուքուկէս թոն, ընդհանուր՝ 171 տուփեր, բժշկական եւ այլ հիմնական իրեր պարունակող առաջին օդանաւը հասաւ Լիբանան: «Code 3 Angels» իր կեդրոնական գրասենեակները տրամադրած էր իրերը համախմբելու եւ ծրարները պատրաստելու համար: Միաժամանակ, Լոս Անճելըսի մէջ հաստատուած Լիբանանեան զանազան կազմակերպութիւններ իրենց ուժերը համախմբելով՝ միացան ՀՕՄին՝ Ռաֆիք Հարիրի անուան համալսարանի հիւանդանոցին դեղորայք ուղարկելու նպատակով:
Այս գծով, Տէրտէրեան նշեց, թէ 19 Օգոստոսին պատասխանատու մարմինները ստանձնեցին առաքուած իրերը եւ անոնք ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պիտի օգտագործուին խնամելու համար կարիքաւորները: «Յոյս ունինք, որ ապագային կարելի պիտի ըլլայ առաքում մը եւս կազմակերպել «Code 3 Angels» կազմակերպութեան եւ Ամերիկայի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին համագործակցութեամբ: Այս ձեւով, միասնաբար նեցուկ կը կանգնինք՝ ամոքելով ցաւերը մեր ժողովուրդին», աւելցուց Տէրտէրեան:
4 Օգոստոսին Լիբանանի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, ՀՕՄը զօրակոչի ենթարկեց իր բոլոր միաւորները եւ անդամները ու նոյն օրն իսկ յայտարարեց «Լիբանանի Կողքին» դրամահաւաքի ծրագիրը: Հանգանակուած գումարները կը տրամադրուին հոգալու համար հայ համայնքի կարիքները: Լիբանանի Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, աղէտին առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ, ՀՕՄի ընտանիքին, բժիշկներուն եւ կամաւորներուն ճիգերով հարիւրաւոր հայորդիներ ստացան ու կը շարունակեն ստանալ անհրաժեշտ բժշկական խնամքը, որուն կողքին նաեւ բոլոր տուժածներուն եւ կարիքաւորներուն կը տրամադրուի տաք ճաշ:
ՀՕՄի, մայրական գթարատ սիրտէն հոսող աղբիւրը, վարար կը մնայ մեր ժողովուրդին հետ, մեր ժողովուրդին համար:
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ