Հարցազրոյց ԳԶՎ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի հետ
Վարեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ինչպէս մեր նախորդ հարցազրոյցին ընդմէջէն նկարագրած էինք՝ 24 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 2ի շուրջ, թուրք-ատրպէյճանցի բարբարոսներու խմբակ մը մուտք գործած էր Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնէն ներս ու այլազան վայրագ գրութիւններով պատած էր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի եւ «Սարոյեան» սրահի պատերը: Առաւօտեան ժամը 6ին, Հայ կեդրոնի գիշերապահը, տեսնելով տակնուվրայութիւնը՝ անմիջապէս տեղեակ պահած էր ԳԶՎի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Տիկին Անտոնեան, ի՞նչ տեսաք, ինչպէ՞ս կրնաք ներկայացնել եղելութիւնը:
ԿՐԷՅՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Երբ այս ցնցիչ լուրը ստացայ, շուտով դպրոց մեկնեցայ տեսնելու արարքը եւ, անշուշտ, տեսարանը ահաւոր էր: Դպրոցին եւ Հայ կեդրոնին արտաքին բոլոր պատերուն վրայ ատրպէյճանական արտայայտութիւններով գրուած էին «կրաֆիթի»ներ, ինչպէս նաեւ հայհոյանքներ եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկուած: Շուտով տեղեկացուցի ոստիկանութիւնը, որ բծախնդրութեամբ քննեց շրջակայքը, եւ պիտի ուսումնասիրեն իրենց ձեռք ձգած տեսերիզները՝ բացայայտելու համար յանցագործները: Տեսերիզներուն մէջ յայտնի են չորս անձեր, որոնք ցանկապատը կը ցատկեն, իսկ երկու ուրիշներ ալ ծառին տակ կը սպասեն։ Անոնք, առտուան ժամը երկուքին քառորդ մնացած, շէնքին արեւելեան կողմի ցանկապատէն ներս կը մտնեն եւ պատերը կը ներկեն։ Ընդամէնը 7-8 վայրկեան կը մնան բակին մէջ, ապա շուտով ցանկապատէն դուրս ցատկելով կը փախչին։ Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս յանցագործները ձերբակալուին, եւ իրենց դէմ կիրարկուին օրէնքին թելադրած խստագոյն պատիժները, որպէսզի անոնք չհամարձակին կրկնել վատոգի հակահայ արարքներ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Որո՞նք են դպրոցի աշակերտներուն եւ ծնողներուն մտահոգութիւնները, ին՞չ կը մտածէք ընել դպրոցը վերսկսելու համար:
ԿՐԷՅՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Այս արարքը եւ ատելութեան դրսեւորումները մեծ ցնցում յառաջացուցին ընդհանրապէս բոլոր գաղութին մէջ։ Ասիկա հայ համայնքին դէմ ուղղուած էր եւ վախի զգացում յառաջացնելու նպատակ կը հետապնդէր:
Անշուշտ մեր ծնողները մտահոգ են։ Մենք կ՛ուզենք վստահեցնել մեր ծնողներուն, որ անհրաժեշտ բոլոր կանխազգուշական միջոցներուն կը ձեռնարկենք՝ աշակերտներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Արդէն իսկ GoFund Me-ի միջոցաւ՝ բարեկամներ, ծանօթներ եւ անծանօթներ նիւթական նուիրատուութիւններ կ՛ընեն դպրոցին, որպէս մեր դպրոցին ցանկապատը եւ ապահովական camera-ները աւելցնենք։
Ինչ կը վերաբերի դպրոցը վերաբանալուն, նախնական մեր ծրագիրը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ պետական ու կրթական մարմիններու կողմէ հաստատուած առողջապահական օրէնքներուն եւ պայմաններուն: Մեր վերամուտը շատ հաւանաբար պիտի սկսի հեռակայ դասաւանդութիւններով, եւ մօտէն պիտի հետեւինք առողջապահութեան մասնագէտներու խորհուրդներուն եւ տեղական կրթական համակարգի թելադրանքներուն:
Կը վստահեցնենք, որ մեր աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ընտանիքներուն առողջութիւնն ու ապահովութիւնը մեր մտահոգութիւններուն գերագոյնը կը համարուին: Վստահ եղէք, որ ճիգ պիտի չխնայենք այս առումով, յատկապէս յառաջիկայ օրերուն եւ ամիսներուն:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչպէս տեսանք նկարահանումներուն մէջ՝ աշակերտներ, շրջանաւարտներ եւ շատ մը ծնողներ ու հոգեւոր հայրեր հաւաքուած էին դպրոցին բակը. ի՞նչ աստիճանի էր իրենց հակազդեցութիւնը:
ԿՐԷՅՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆ.- Շրջանաւարտներ, ծնողներ, բարեկամներ, հոգեւոր հայրեր, այս արարքին լուրը առնելով՝ շուտով ժամանեցին դպրոցը՝ որեւէ ձեւով օգտակար դառնալու համար։ Իրենց ներկայութիւնը ոգեւորեց մեզ։ Անոնք հաւաքուեցան բակին մէջ, իրենց ընդվզումը, հոգեկան եւ բարոյական նեցուկը արտայայտելու: Խօսք առին հոգեւոր հայրերը, ապա Հայ Դատի անունով՝ Ռոքսան Մաքասճեան, որմէ ետք աշակերտները եւ շրջանաւարտները երգեցին «Գետաշէն» երգը ու պարեցին «Եարխուշտա»ն։