ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ»․- Հայաստանի բարձր առհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան յայտնեց, թէ Krisp Հայկական ընկերութիւնը 5 միլիոն տոլարի ներդրում ապահոված է՝ ընկերութեան այս իրագործումը նմանցնելով «տիեզերական հրթիռային արագութեան»:
Աւելի կանուխ, «Ֆորպզ»ը գրած էր, որ ընկերութիւնը 2020ի 50 ամենախոստմնալից արհեստական բանականութեամբ զբաղող ընկերութիւններէն է։
Krisp-ը աղմուկը զսպող համակարգչային յաւելուած մըն է, որ կը գործածուի յատկապէս համացանցային խորհրդաժողովներու համար։ Անիկա աւելի շատ օգտակար դարձած է համաճարկին պատճառով տունէն աշխատողներուն համար։