Հայ Օգնութեան Միութիւնը խորապէս կը ցաւակցի Լիբանանի մէջ 4 Օգոստոսին պատահած աղէտին հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն՝ նշելով. «Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի ժողովուրդին եւ մեր հայրենակիցներուն, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ: Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք բոլոր վիրաւորներուն:
ՀՕՄը Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան կողքին է, հաւատարիմ մնալով ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար սկզբունքին: Միացէ՛ք ՀՕՄին, փրկեցէ՛ք կեանքեր»:
Նուիրատրութեան համար այցելել https://ars1910.org/donations/4lebanon կայքէջը։