Պէյրութի մէջ, Երեքշաբթի, 4 Օգոստոսի երեկոյեան տեղի ունեցած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով, անգամ մը եւս ցնցում ապրեցան Լիբանանն ու լիբանանահայ մեր գաղութը, մեր սիրտերը դարձեալ վիշտով ու տխրութեամբ լեցուեցան՝ ի լուր նորագոյն այս աղէտին հետեւանքով զոհուած ու վիրաւորուած անմեղ ժողովուրդին։ Պէյրութ քաղաքն ու շրջակայքը ենթարկուած են հսկայական քանդումներու եւ նիւթական վնասներու։ Կան հարիւրաւոր զոհեր, հազարաւոր վիրաւորներ. վնասներ կրած են կաթողիկոսարանը, եկեղեցիներ, դպրոցներ, հայ կեդրոններ ու գործատեղիներ եւ քանդուած են մեծաթիւ բնակարաններ։ Պէյրութը հռչակուած է աղէտեալ գօտի։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, դէպքէն անմիջապէս ետք, Ազգային առաջնորդարանի դիմատետրով հրապարակեց յայտարարութիւն մը, աղօթք բարձրացնելով առ ամենողորմ Աստուած զոհուածներու հոգիներուն համար հանգիստ եւ խաղաղութիւն խնդրելու, բժշկութիւն եւ առողջութիւն՝ վիրաւորներուն, ուժ ու կորով մեր ժողովուրդի զաւակներուն շրջանցելու այս աղէտը եւս՝ նշելով. «Մեր աղօթքներով կը միանանք մեր հարազատներուն, եւ խնդրամատոյց կ՛ըլլանք առ Աստուած, որպէսզի խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարութիւն հաստատէ Պէյրութի մէջ թէ ամէնուրեք, եւ խնայէ մեր ժողովուրդը»։
Առաջնորդը նաեւ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ, եւ յանուն թեմի հոգեւորականաց դասուն, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ անձնապէս պատրաստակամութիւն ու զօրակցութիւն յայտնեց միասնաբար յաղթահարելու ճգնաժամային իրավիճակն ու Լիբանանը հարուածող այս լուրջ մարտահրաւէրը եւս։ «Կը սպասենք վեհափառ հայրապետին ցուցմունքներուն համագաղութային մաշտապով մեր օժանդակութիւնը գործնապէս արտայայտելու ուղղութեամբ», նշեց սրբազանը՝ թելադրելով հետեւիլ թեմի յայտարարութիւններուն։
Այս առթիւ, Կիրակի, 9 Օգոստոսին, յընթացս Ս. պատարագին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած վիրաւորներու բժշկութեան եւ ժողովուրդի ու Լիբանանի ապահովութեան ու բարօրութեան համար, ու հոգեհանգիստ՝ աղէտի զոհերու հոգիներուն համար։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ