ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Անտարակոյս Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցած հսկայական պայթումին ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ երկարատեւ, իսկ այդ պայթումին հետեւանքները արդէն իսկ սկսան երեւան գալ երէկ առաւօտեան, երբ մարդիկ արթնցան նկատելու պայթումին երկրաշարժային տարողութիւնը:
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շարունակուեցան անյայտ կորսուածները փնտռելու, ինչպէս նաեւ պայթումին դրդապատճառները բացայայտելու աշխատանքները:
Փրկարար աշխատանքներու շրջագիծին մէջ երէկ կարելի եղաւ աւերակներուն տակէն փրկել քաղաքացիական պաշտպանութեան կամաւոր մը եւ երեխայ մը, ինչպէս նաեւ կէս գիշերին ծովէն կարելի եղաւ դուրս բերել այլ քաղաքացի մը, որ ողջ էր:
Եռօրեայ սուգի մթնոլորտին մէջ լիբանանցին շարունակեց հաւաքել պայթումին գործած աւերները՝ քանդուած դռներ, պատուհաններ, փլած պատեր եւ մայթերը «զարդարած» ցուցափեղկերու փշրանքներ: Ամէնուրեք յուսախաբութիւն, գունատ դէմքեր, վախ ամբարած աչքեր ու տխուր հայեացքներ:
«Փառք Աստուծոյ», «Անցած ըլլայ», «Կարեւորը ողջ էք», «Բարի ապաքինում» արտայայտութիւնները եղած են այս օրերու բարեւելու հիմնական չորս նոր ձեւերը եւ մեթոտները:
Պէյրութի հսկայայկան պայթումին իբրեւ արդիւնք՝ լիբանանահայութիւնը եւս ունեցաւ իր մարդկային ծանր կորուստները. ցարդ արձանագրուած են 11 զոհեր եւ 250 վիրաւորներ:
Լիբանանահայ նահատակներն են. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պեզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժագ Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան, Վարուժ Թոսունեան եւ Սարգիս Թեքիլեան:
Մինչ մայրաքաղաքը եւ արուարձանները կը փորձեն հասկնալ պատահածը, իրենց վէրքերը ամոքել, անյայտ կորսուածները գտնել եւ նահատակները հողին յանձնել, այսօր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այցելեց Լիբանան, իր զօրակցութիւնը անձամբ յայտնելով լիբանանցիներուն:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ նաւահանգիստին պայթումը պատճառած է առնուազն 137 զոհ, աւելի քան 5000 վիրաւորներ. կան նաեւ 80 անյայտ կորսուածներ:
Հասան շեշտեց, որ Լիբանան հասնող բոլոր օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին պետական եւ կառավարական հիւանդանոցներուն:
Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան երեք ֆրանսական օդանաւեր, որոնք մեծ թիւով օժանդակութիւն տրամադրեցին լիբանանեան պետութեան:
Քաթար անմիջապէս ուղարկեց իր խոստացած դաշտային հիւանդանոցները, ինչպէս նաեւ բժշկական այլ օժանդակութիւններ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Լիբանան հասաւ 30 թոն կշռող օժանդակութիւն, որուն մեծ մասը` բժշկական պիտոյքներ:
Կէս գիշերին, Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ նաեւ Լիբանանին օժանդակութիւն փոխադրող իրանեան օդանաւ մը:
Երեկոյեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար յայտնեց, որ «Կազ Օյլ»ի 22 բեռնատարներ յառաջիկայ օրերուն Իրաքէն պիտի հասնին Լիբանան: Ան աւելցուց, որ Իրաքի ուժանիւթի նախարարը երէկ հասաւ Լիբանան՝ իր հետ ունենալով 15 բժիշկներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ 20 թոն ուտեստեղէն:
Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցած հսկայական պայթումին հետեւանքով մօտաւորապէս 300,000 քաղաքացիներու բնակարանները վնասուած են եւ ըստ նախնական տուեալներու՝ մայրաքաղաքին եւ անոր արուարձաններուն կրած վնասները միլիառաւոր տոլարի կը հասնին:
Ըստ Մեսեչուսեթսի Արհեստագիտութեան հիմնարկի մասնագէտներէն Արեգ Դանագուլեանի՝ պայթումը Հիրոշիմայի հիւլէական պայթումին 10 տոկոսին ուժգնութիւնը ունեցած է, ինչ որ համազօր է 1100 թոն «Թի.Էն.Թի.»ի պայթումի մը:
Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ յայտնած էր, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառած է 2750 թոն ամոնիոմի պահեստը, որ 2013ին Վրաստանէն Մոզամպիք ճամբուն վրայ մոլտովական փոխադրանաւէ մը գրաւուելէն ի վեր ամբարուած էր նաւահանգիստին մէջ: Նշենք, որ նաւահանգիստին բոլոր պաշտօնատարները տնային կալանքի տակ դրուեցան, մինչ հետաքննութիւն կը կատարուի:
Յայտարարուեցաւ, որ Պէյրութի եւ արուարձաններու բնակիչները պահպանիչ դիմակներով պէտք է մնան՝ նոյնիսկ իրենց բնակարաններուն մէջ, չշնչելու համար պայթումին պատճառով օդը տարածուած թունաւոր կազերը:
Ժայթումին հետեւանքով նաւահանգիստը ամբողոջովին քանդուած է, իսկ այնտեղ գտնուող Լիբանանի գլխաւոր ցորենի շտեմարանը եւ հոն պահեստաւորուած ցորենը բոլորովին փճացած է: Յատկապէս մեծապէս վնասուած են Քարանթինայի, Մար Մըխայելի, Ճըմէյզիի, Ճայթաուի նաւահանգիստին հանդիպակաց շրջանները, ուր քաղաքացիներ իրենց տան մէջ մահացած են պայթումի ճնշումին պատճառով: