ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլուրիս յայտարարեց, որ իր երկիրը անհանգիստ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցող զարգացումներով եւ նոր բախումներով:
«Մենք կը սատարենք հայ ժողովուրդին եւ յոյս ունինք, որ տագնապը կը լուծուի բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով», նշեց Սիլուրիս։