ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Իրանի իր պաշտօնակիցին՝ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ։
Մնացականեան Իրանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկման իբրեւ արդիւնք հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Երկուստեք ընդգծեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման, հակամարտութիւնները բացառապէս խաղաղ ուղիով լուծելու անհրաժեշտութիւնը։