ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճան 14 Յուլիսին յայտնեց իր նոր կորուստներուն մասին, որոնց կարգին՝ գնդապետ մը եւ աւագ գնդապետ մը։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Քարիմ Վելիեւ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սահմանային բախումներուն ընթացքին ատրպէյճանական բանակը շարք մը կորուստներ ունեցած է, յատկապէս նշելով աւագ գնդապետ Փոլատ Հաշիմովի եւ գնդապետ Իլկար Միրզաեւի մասին։
Վելիեւ դիտել տուաւ, որ սպաննուած են նաեւ գնդապետներ Նամիգ Ահմետով, Անար Նովրուզով, ենթասպայ Իլկար Զեյնալլի, ենթասպայ Եաշար Պապաեւ եւ շարքային Էլչին Մուստաֆզատէ։ Այս մասին կը նշուի նաեւ report.az կայքին վրայ։