Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին «Զում»ով առցանց ներկայացում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 11 Յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ (Լոս Անճելըսի ժամով):
Պիտի զեկուցէ փրոֆ. Արա Սանճեան՝ հետեւեալ նիւթով․ «Պատմութեան Փոփոխականութիւնը. Օրինակներ Հայոց Անցեալէն»:
Դոկտ. Արա Սանճեան Միշիկընի պատմութեան դասախօս է համալսարանին Տիրպորնի մասնաճիւղին մէջ: Ան մասնագիտակացած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ, իսկ նախապէս եղած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ուսմանց, պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեան բաժանմունքին վարիչը: Հեղինակն է «Թուրքիա Եւ Իր Արաբ Դրացիները, 1953-1958. Պաղտատի Դաշնագիրի Արմատներուն Եւ Ձախողութեան Ուսումնասիրութիւնը» աշխատասիրութեան եւ շարք մը այլ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու, յօդուածներու եւ պատմագիտական գիրքերու մէջ հատուածներու, հրատարակուած՝ անգլերէնով, հայերէնով, ֆրանսերէնով եւ ռուսերէնով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: