ՌՈՉԵՍԹԸՐ, Նիւ Եորք, «Էյ.Փի.»․- Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը Երկուշաբթի օր հաղորդեց, թէ անցնող շաբաթավերջին գողցուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ստրկատիրութեան դէմ պայքարի կարեւորագոյն դէմքերէն Ֆրետրիք Տակլըսի արձանը, որ զետեղուած էր այն վայրին մէջ, ուր ան 1852ին, ստրկատիրութիւնը դատապարտող ազդու ճառ մը արտասանած էր։
Շատ հաւանական է, որ այս արարքը հակադարձութիւն մըն էր ստրկատիրութիւնը պաշտպանած եւ այդ պատճառով նոյնիսկ Միացեալ Նահագներէն բաժնուելու արշաւի նախառձենած անձերու արձանները վար առնելու արշաւին։