ՊՐԱԶԻԼԻ ՄԷՋ ՎԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱԶՄԱՆԱՆ․ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԱՆՑԱՒ 100,000Ի ՍԱՀՄԱՆԸ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Անսալով Քալիֆորնիոյ նահանգային մարմիններուն այն որոշումին, որ շարք մը պայմաններու գոհացումէն ետք վերաբացուելու արտօնութիւն կու տայ բոլոր վաճարատուներուն՝ Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ իւրաքանչիւր քաղաքի հետ պիտի քննեն մեկուսացման պայմանները աւելիով մեղմացնելու կարելիութիւնները, տեղական պայմանները նկատի ունենալով։
Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 25 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 12 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1047 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 46,018 վարակումներ եւ 2116 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը կը հասնի 490,000ի, որոնցմէ 8 տոկոսը վարակակիր եղած է, ինչ որ գաւառին իշխանութիւններուն կողմէ սահմանուած տնտեսութիւնը վերաբանալու չափանիշ-սահմանն է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 96,925 վարակումներ եւ 3809 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1․71 միլիոն եւ առաւել քան 100,000 են։
Պրազիլի մէջ վարակումներու աճը կը շարունակուի եւ հասած է 377,711ի, իսկ մահերուն թիւը՝ 23,606ի։
Աշխարհի տարածքին արձանագրուած են 5․6 միլիոն վարակումներ եւ 349,291 մահեր։ Ապաքինած են 2․4 միլիոն վարակուածներ։