ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.»․- Մոսկուա բացատրութիւններ կ՛ակնկալէ Ուաշինկթընէն «Բաց երկինք» համաձայնագիրէն դուրս գալու յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ շեշտելով, որ այս քայլը հարուած է համաշխարհային կայունութեան։
Զախարովա յիշեցուց, որ Ուաշինկթըն դուրս եկած է նաեւ Հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու սահմանափակման մասին պայմանագիրէն, Միջին եւ փոքր հասողութեան հրթիռներու մասին պայմանագիրէն, ինչպէս նաեւ մերժած է Հիւլէական փորձարկումներու համապարփակ արգիլման մասին պայմանագիրը վաւերացնել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ «Բաց երկինքի մասին» պայմանագիրէն: Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կարգին հաստատած էր, որ Ուաշինկթըն վեց ամիս ետք դուրս պիտի գայ համաձայնագիրէն:
Ֆրանսա ցաւ յայտնեց Միացեալ Նահանգներու այս որոշումին գծով։