Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Սա իմ երկիրն է –
չափերով այնպիսին –
որ կարող եմ վերցնել հետս,
թէ մի հեռու տեղ գնամ:
Փոքրիկ՝ ինչպէս ծերացած մայր,
Փոքրիկ՝ ինչպէս նորածին զաւակ
իսկ քարտէսի վրայ
ընդամէնը արցունքի մի կաթիլ…
Սա իմ երկիրն է – չափերով այնպիսին,
որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մեջ,
որ չկորցնեմ յանկարծ…»
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Յովհաննեէս Գրիգորեան (1945-1973)
Այնքա՜ն ըսելիք կայ մեր հեռու եւ մօտ անցեալին մասին:
Հիմա այնքա՜ն ըսելիք եւ լսելիք ունինք անմիջական մեր ներկային մասին: Ոչ միայն պատմութեան, այլ նաեւ համայն մարդկութիւնը յուզող հարցերու: Շռնդալից իրադարձութիւնները, մեծամեծներու եւ բոլոր միւսներու բարդ խնդիրները, նաեւ փառասիրութիւնները, փուչիկ դարձած են: Անտեսանելի ժահրը լռեցուցած է մեծերը եւ մոռցուցած մեծ խնդիրները:
Այս իրարանցումին մէջ, փոքրիկ հայ ժողովուրդի եւ փոքրացած Հայաստանի խնդիրները չեն անհետանար, կը ստեղծենք նորերը: Հոգեբանութեան մէջ ընդունուած երեւոյթ է. երբ չենք կրնար իրաւ կամ երեւակայական թշնամին հարուածել, զիրար կը հարուածենք: Այսպէս է Հայաստանը: Իսկ սփի՞ւռք(ներ)ը…
Զգալ բանաստեղծին պէս. «Սա իմ երկիրն է … որ չկորցնեմ յանկարծ»…
Կը զգա՞նք եւ կը մտածե՞նք բանաստեղծին պէս…
Ինչ որ ըլլան աշխարհի մեծ խնդիրները, հայը գէթ ինքն իրեն համար, չի վարանիր իր նախնիներու կեանքի իմաստները ձուլած իրադարձութիւնները, նոյնիսկ ձեւականութեան համար, պահել իր յիշողութեան պաստառին վրայ: Անոնք նաեւ իմաստ կու տան իր ներկային, եթէ վատութեամբ չէ ընդունած աշխարհի այլազանութիւններուն մէջ այլանալ, հիւլէանալ, պատշաճումով դառնալ ծագումով հայ, ժամանակ մըն ալ այդպէս ինքնահիանալ:
Շարունակութիւն ըլլալու յամառութեամբ ապրող հայեր կան, որոնք կը յիշեն, որ ունեցած են Մեսրոպ, Նարեկացի, արքաներ, որ պատահած է Ցեղասպանութիւն, որ եղած է հրաշք եւ վերջնականապէս ընկղմած համարուած ազգը կրկին սկսած է ծփալ, մնալ պատմութեան բեմին վրայ:
Զգալ, մտածել եւ գործել հայ ազատագրական պայքարի խիղճ Սիմոն Զաւարեանի պէս. «Գործն է միայն կենդանի»…
Պատմութիւնը գերեզմանն է հզօր եղած անհամար ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու: Պատմահայր Խորենացիի բանաձեւած մեր «փոքրիկ ածու»ն շարունակած է ծլիլ, նոյնիսկ երբ չեն եղած արքայ եւ պետութիւն:
Այդպէս է Մայիս 28ով յիշուող մեր պատմութեան էջը, որուն հետեւանքը եղաւ այն՝ որ մեր պատմութեան համար վերջաբան չգրուեցաւ:
Դժուար թէ նոր բան կարենանք ըսել, երբ այնքան բան գրուած է մեր պատմութեան այդ ժամանակահատուածին մասին: Այսօր հայեր անվարան կը յայտարարեն, որ ազգին եւ հայրենիքին համար կենաց-մահու այդ հանգուցային պահուն, միաճակատ եւ համախումբ, կռիւ մղած են, իրաւ յաղթանակ տանելով ոչ միայն ռազմի դաշտին վրայ, այլ պարտուողականութեան եւ բաժանումներուն դէմ:
Եղած է Սարդարապատ:
Ոչ միայն ռազմի դաշտին վրայ: Անհրաժեշտ է ճիշդ ընթերցումը կատարել պատմութեան:
Ճակատագրի եւ հալածանքներու բերումով տարտղնուած հայեր սկսած են վերադառնալ սեփական հայրենիք, որ այլեւս այս կամ այն երկրի ծայրամաս կամ նահանգ չէր:
Այս հայրենադարձութիւնը հայու ինքնութեան պայքարի յաղթանակն էր, շարունակութիւնը Սարդարապատի:
Միշտ խանդավառող եղած են զէնքի յիշատակները եւ յուզիչ՝ զոհուածներու նուիրումը, քաջութիւնը: Բայց քիչ կը խօսուի Հայաստան վերադարձած ազգապահպան անանուններու մասին: Օր մը պէտք է գրուի նաեւ անոնց պատմութիւնը, որպէս վառ օրինակ հայրենատիրական գիտակցութեան:
Պարզ չէ միթէ՞, որ երէկ եւ այսօր, իսկական յաղթանակը կը տարուի հայրենատիրութեամբ, առանց ուսադիրներու եւ շքանշաններու: Ոչ ֆէյսպուքեան թատերական ճպուռային անհեթութիւններով եւ ոչ ալ թուիթթըրային անյատակ շատախօսութիւններով:
Իսկ հայրենատիրութիւնը ազգային իրաւ քաղաքականութիւն կը դառնայ հայրենադարձութեամբ, այլապէս կը ճապաղի շաբաթավերջի խրախճանքներու, երէկ լսուած եւ վաղը վերսկսելիք ճառերու աղմուկին մէջ: Այլ խօսքով, երեք օր ետք ֆէթիշ թուական Մայիս 28ը պիտի ըլլայ, պիտի յիշենք դէպքեր, անուններ, արհաւիրք, պիտի հպարտանանք, պիտի յուզուինք: Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ յիշելու եւ յիշեցման պահուն յաջորդող մեր կեանքը՝ իր իմաստով եւ բովանդակութեամբ:
Մայիսեան օրերուն հայ մարդիկ, զինուորական, բանուոր, շինական, մտաւորական, կրօնական, կռուեցան ազգի մը իրաւ գոյացման գաղափարին համար. ազգ ըլլալ հայրենիքի մէջ, ըլլալ միասին, ըլլալ շարունակութիւն, ըլլալ ուրոյն ինքնութեամբ: Երբեմն պէտք է կարդալ եւ հրատարակել Սարդարպատի թիկունքի նկարագրութիւնները:
Այսօր այս պայքարը չի մղուիր միայն քարտէսին վրայ տեղ մը, որ կոչուած է եւ կը կոչուի Հայաստան: Այդ պայքարը ինչպէ՞ս կը մղէ կամ ինչպէ՞ս պիտի մղէ որոշ գոհունակութեամբ ինքզինք ազգի աւելի քան կէս յայտարարող սփիւռք(ներ)ը, առանց ինքնիրեն մխիթարութիւն պարգեւելու կամ խիղճ հանդարտեցնելու ծառայասիրութեամբ եւ բարեսիրութեամբ:
Կը լսե՞նք երբեմն սփիւռք(ներ)ի յուշասէր, յուշախօս եւ երբեմն ալ յուշագիր հայերը, որոնք, առիթ չեն փախցներ քաղաքական-հայրենասիրական զրոյցներով տպաւորելու եւ տպաւորուելու: Ինչո՞ւ հրապարակաւ չենք խօսիր հոգեկան նահանջին մասին մարդոց, որոնք իբրեւ թէ մտերմաբար, սրտցաւութեամբ, հայրենասիրական զեղումով եւ գործնապաշտութեամբ կ՛ըսեն, թէ Հայաստան ապրուելիք տեղ չէ: Կամ՝ մենք եւ իրենք տարբեր ենք, տարբեր մշակոյթով մարդիկ ենք: Եւ որպէս գործնապաշտ երջանկասիրութեան վերջին ցանկութիւն, կ’եզրակացնեն՝ երբ լաւ ըլլայ, մենք ալ կ՛երթանք:
Եթէ պիտի սպասենք, որ Հայաստան ապրուելիք տեղ ըլլայ, լաւ ըլլայ, ըլլայ Պահամաս, Զուիցերիա կամ Մոնաքօ, այդ կը նշանակէ, որ պիտի չվերադառնանք, կամ զգացական բաւարարութիւն փնտռող տուրիստ պիտի ըլլանք, որ դադրած ենք հայրենատէր ըլլալէ: Զաւակը կը սիրեն երբ ան նոյնիսկ հիւանդ է, հաշմանդամ է: Հայրենիքի հանդէպ սէրը, հայրենատիրական զգացումը եւ գիտակցութիւնը «եթէ»ներու պայմանականութիւններէն տարբեր բարձրութեան վրայ կ’ըլլան: Եթէ չհասնինք այդ բարձրութեան, կը խրինք «ծագումով հայ»ու կամ «ծագումով հայ դառնալ»ու այլացման մէջ: Եղածը փրկելու մարդորսական ճառերը յաճախ առաջնորդած են այս տխրութիւններու դռներուն:
Տարիներով առանձին, իր չափերով եւ սէրերով, հայկականութեան պայքար մղած, եւ իր դիրքի բերումով միշտ պահանջած, ուղղութիւն տուած, ազատ ժամերուն հայ մշակոյթով զբաղած բարեկամ մը հեռաձայնեց, եւ ըսաւ որ ուրիշ երկրի մը ծովեզրեայ քաղաքը պիտի հաստատուի եւ մտահոգուած է իր գրադարանով: Թելադրեցի, որ գիրքերը Հայաստան ղրկէ: Ծայր առաւ զրոյցը: Ըսաւ, որ այս գիրքերով չեն հետաքրքրուիր, իրենց լեզուով չեն, ըսաւ նաեւ՝ որ ուրիշներ ղրկած են եւ գիրքերը տեղ չեն հասած: Դիտել տուի, ըսի՝ որ ուրիշներ ալ ղրկած են եւ անոնք հասած են մինչեւ Ստեփանակերտ: Երբ ըսի, թէ քանի որ քաղաք պիտի փոխէ, Հայաստան երթայ: Պատասխանեց, որ տարբեր ժողովուրդներ ենք, ապահովութիւն չկայ, կեանքը դժուար է:
Նահանջի քաղաքական վարդապետութիւն՝ որուն կարծէք կարելի չէ առարկել:
Այսօր Մայիս 28ի մասին խօսիլ, պէտք է նշանակէ հայրենադարձութեան Սարդարապատ կազմակերպել, իմաստ տալու համար մեր ներկային, կառուցելու համար ազգի ապագան: Երբ թրքական թնդանօթները քանի մը տասնեակ քիլոմեթր միայն հեռու էին Էջմիածինէն, կաթողիկոսը մերժած է հեռանալ վանքէն: Մնացած է տէր: Այսօր, հայկական իրաւութիւնը պէտք է վերականգնել, ինչ ալ ըլլան պայմանները, հայրենադարձութեամբ եւ հայրենատիրութեամբ:
Լաւ ապրելու իրաւունքի համար հայրենիք լքել, ապրուելիք տեղ չէ ըսելով հայրենիք չվերադառնալ, հաւասարապէս հակազգային ընթացք են:
Մայիս 28ի յիշեցում, Գրերու Գիւտի տօն, այլ տօնախմբութիւններու յուզումներ եւ ճառեր, եթէ չեն ստեղծեր հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան ալիք, կը կորսուին ձանձրոյթ փարատելու կոչուած եւ շատ սիրուած գինեձօններու սրահներու աղմուկին մէջ:
Ուստի՝ Մայիս 28ի խորհուրդը այժմէականացնել: Չբաւաւարուիլ յիշատակով:
Եւ կրկին կը յիշեմ Ի դարու հայ գրողին, Վիգէն Խեչումեանի ազգային իրաւ քաղաքականութիւն խտացնող խօսքը.
Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ:
Մայիս 28ին յաղթանակած ենք ծառայ չըլլալու համար:
Ռազմի դաշտ գացողները ապահովութիւն փնտռելու չէին գացած ներխուժած թշնամի բանակին դէմ: Գացած էին կռիւի, որովհետեւ հայրենատէր էին:
Այսօր առանց ճապկումներու ազգային օրակարգ պէտք է ըլլայ հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւնը: Գիտակցաբա՛ր, յանձնառութեա՛մբ, ոչ դէպքերու ստիպողութեա՛մբ:
Վահան Թէքէեան կ՛ըսէր. «Այս գիշեր նորէն կը մեծնայ կը շատնայ հոգիս՝ կռուի գացող բանակի մը պէս»:
Պիտի ըլլա՞նք մեծցող եւ շատցող բանակ… Ե՞նք այդ բանակը: Բանակը ոչ խուճապ է, ոչ ֆանֆառով տողանցք, ոչ պսպղուն տարազ կամ խօսափողի առջեւ խօսքի եւ երգի միմոսութիւն:
Այսօր անխարդախ կռուի երթը հայրենատիրութիւնն է, բնակեցումը իւրաքանչիւր թիզ հողի, որ ոչ Քամչաթքա է, ոչ Ուշուայա, ոչ Մանհաթթան, ոչ Շանկհայ, ոչ Պեվըրլի, այլ՝ Հայաստան է, Վանաձոր, Գորիս, Մեղրի, Արմաւիր…
Մայիսեան խոհեր՝ ոչ թէ անցելապաշտական խօսափողային սնապարծութիւններու համար, այլ այսօրուան եւ վաղուան «Կենդանի Գործի»:
Ըլլալ մեծցող եւ շատցող բանակ:
Մեր փոխարէն ուրիշներ պիտի չըլլան այդ բանակը: Եթէ անոնք ըլլան մեր փոխարէն, մենք, մենք պիտի չըլլանք…