ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէն մարդ ամէն գործի ատակ չէ՛: Բազմատաղանդ անձնաւորութիւններ եղած են, կան եւ դեռ ալ պիտի յայտնուին մարդկային կեանքին մէջ: Սակայն, առհասարակ մարդ էակը սահմանափակ կարողութիւններով կը բնորոշուի արդարօրէն, որովհետեւ անկատար էակ մըն է յարաբերաբար ամենակարող Աստուծոյ: Մարդը, որուն «իմացածը երբեմն իրեն չի՛ բաւեր», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը, սակայն, ինչպէս մէկ այլ ժողովրդային առած կ՛ըսէ՝ «իր գլուխէն մեծ գործերու ձեռնամուխ կ՛ըլլայ»:
Հակառակ վերոյիշեալ իրողութեան՝ մարդու կարողութեանց սահմանափակ ըլլալուն, քիչ չէ՛ թիւը նաեւ արկածախնդիրներուն: «Բախտ փորձել»ու սովորութիւնը ո՛չ միայն տարածուած է, այլեւ երբեմն քաջալերուած՝ ընկերներու, բարեկամներու, երբեմն փորձառուներու կողմէ, տեսնելով անձի մը կրած ձախորդութիւնները: Նման դրական քայլ մը կրնայ նաեւ ենթական զարտուղի ճամբաներ առաջնորդել, ո՛չ ուղիղ միջոցներով դրամ շահելու, ուրիշները կեղեքելով հարստութիւն դիզելու եւ գողութեան արարքներով իր կեղծ փառքը կերտելու:
Ըսինք արդէն, որ ամէն մարդ ամէն գործի ատակ չէ՛: Ասկէ բացի, կան մարդիկ որ միաժամանակ երկու գործ կատարելու ատակ չեն: Անոնց, երբ գործ մը յանձնարարուի եւ մի քանի ժամ, կամ մի քանի օր յետոյ երկրորդ մը տրուի, խնդրելով կը խնդրեն՝ նախ մէկը աւարտել եւ ապա միւսին անցնիլ: Բացայայտօրէն անոնք կը խոստովանին թէ երկու գործ միասին չեն կրնար յաջողցնել: Դեռ եթէ կարենան անոնցմէ մէկը յաջողցնել…:
Չափազանց սահմանափակ կարողութիւններով մարդոցմէ կարելի չէ՛ աւելին սպասել: Սակայն կան նաեւ կարող անձեր ալ, որոնք կեդրոնացումով աշխատելու վարժութիւն ունին: Անոնք բծախնդիր բնաւորութեան տէր ըլլալով, կ՛ուզեն գործ մը կամ կատարեալ ընել, եւ կամ բնա՛ւ չնախաձեռնել ատոր: Մէկը, որուն կարեւոր գործ մը վստահուած էր եւ յաջորդ օր երկրորդը յանձնարարուեցաւ, յանկարծ վրդոված ըսաւ. «Կը խանգարուիմ». եւ չընդունեց երկրորդը, վերոյիշեալ բառերով առարկելով որ իր կեդրոնացումը կը ցրուի եւ չի՛ կրնար ի կատար ածել իրեն տրուած առաջին գործը, եթէ պատահի որ երկրորդ մըն ալ պահանջուի իրմէ:
Բծախնդիր անձնաւորութիւններէն բացի կան դանդաղ մտածողները եւ գործողները, որոնք ծուլութենէն քիչ մը բարձր աստիճանի վրայ կը գտնուին: Ասոնք կ՛ուզեն գործ մը յաջողեցնել, սակայն արագ գործելն ու գործը գլուխ հանելը «իրենց ձեռքը չէ՛», ինչպէս դարձեալ կ՛ըսէ ժողովրդային առածը,: Չափազանց սահմանափակ կարողութեամբ անձեր են ասոնք, որոնք երբեմն խոնարհաբար ալ կ՛ընդունին իրենց կարողութեան համեստ աստիճանը:
Վերոյիշեալներուն հակառակ, կան ամէն ինչի ձեռնամուխ եղողները, որոնք մէկէ աւելի գործեր միաժամանակ կատարելու փափաք ունենալով, միջամուխ կը դառնան նոյնիսկ իրենց չիմացած աշխատանքներու կատարման գործին: Պատահած է, որ ասոնք իրենց ստանձնած գործերէն ոմանք կիսատ թողեն, ուրիշները՝ թերութեամբ յանձնեն գործատիրոջ, ոմանք ալ առանց սկսած ըլլալու վերադարձնեն յանձնարարողին: Ասոնց շարքին կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ մեծախօսիկներու, ամբարտաւաններու, ինքնահաւաններու, մեծամիտներու եւ նմաններուն, որոնց տեսակէտով, մրջիւնի մը կռնակին կարելի է տեղադրել լեռ մը, եւ այն փոխադրել ծովի մէկ ափէն միւսը:
Խրատատու բարեկամներ եւ իսկապէս անոնց բարին փափաքող ծանօթներ երկար-բարակ խրատներ կու տան, եղբայրական խօսքեր կ՛արտասանեն, համոզիչ նախադասութիւններով ու համոզկեր բարեմաղթանքներով կ՛ուզեն շեղել զանոնք իրենց մեծ որոշումներէն, բայց դժբախտաբար յաճախ չեն յաջողիր…: Երիտասարդական տարիքը, երբեմն մանկութեան ստացած դաստիարակութիւնը եւ այլ ազդակներ պատճառ կը դառնան, որ այս մարդիկ յամառին իրենց որոշումներուն վրայ մնալ եւ նոյնիսկ եթէ ձախողին, «լա՛ւ ըրի» ըսելով կ՛արդարացնեն իրենց ձախորդութիւնը:
Մարդ էակին ստանձնած գործերուն լաւագոյնը՝ ուրիշին կատարուած բարեգործութիւնն է, պարզ բառերով՝ լաւութիւնը: Բարոյական այս բարձր աստիճանը գիտակցութեան բարձր մակարդակ կը պահանջէ, որ «ամէն մարդու գործը չէ՛», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդական առածը: Ամէն մարդ բարիք չի՛ կրնար գործել: Մասնագիտութեան հարց չէ՛ ասիկա, այլ հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութեան խնդիր, որ աստուածային օրհնութեամբ ու ծնողներու բարի շունչով սերունդէ սերունդ փոխանցուող ներքին անդիմադրելի մղում մըն է:
Ծերունի վաստակաշատ բարեկամս իր փորձառութենէն պատմելով կ՛ըսէր, թէ բարեգործութիւն կատարած պահուն աստուածատուր երկնային ուժ մը կը զգար իր մէջ, որ հոգեկան շատ մե՜ծ բաւարարութիւն կու տար իրեն: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերէր գաղտնաբար կատարուած բարեգործութեան: Ինչքա՜ն լուռ ու անձայն բարեգործներ կան աշխարհի երեսին, որոնց ինքնութեան պիտի ծանօթանանք Դատաստանին օրը: Մարդիկ, որոնց անունը չգիտցան ո՛չ մեծերը, ո՛չ ալ փոքրերը: Մարդիկ, որոնց անունը ո՛չ մէկ տեղ գրուեցաւ, ո՛չ մէկ պատի, ո՛չ մէկ էջի վրայ, սակայն այդ անուններուն ամէն մէկ տառը ոսկիով դրոշմուած է այն մարդոց սրտերուն ու մտքերուն մէջ, որոնք այդ բարեգործութեան պտուղները կը ճաշակեն:
Կեանքի երեւոյթները եւ մարդ էակի վարքագիծը միշտ ունին իրենց հականիշները: Ինչպէս կայ լաւը, այնպէս ալ կայ վատը: Ոմանք այնպէս կը խորհին, որ աշխարհի բոլոր մարդիկ բարի կ՛ըլլան: Այդպէս ստեղծուած են, սակայն իր ազատ կամքով, մարդը կրնայ դէպի չարը թեքուիլ: Ուրեմն, բարիին դիմաց կայ նաեւ չարը, այնպէս ինչպէս սեւին դիմաց՝ սպիտակը:
Չարիք գործելն ալ սովորութեան խնդիր կը դառնայ ժամանակի ընթացքին: Ամէն ինչ վարժութեան հարց է այս կեանքին մէջ: Բնաւորութիւնները կրնան օգնել մեզի, սակայն առօրեայ վարժութեան ուժը աւելի զօրաւոր է, որովհետեւ սովորական կը դարձնէ որեւիցէ արարք, որուն դիմադրելը դժուար կ՛ըլլայ:
Բարոյագիտութիւնը, կրօններու կատարած բարոյախօսութեամբ աւելի զօրացած, նմանին լաւութիւն ընել կը յորդորէ: Բոլորն ալ կը լսեն տրուած պատգամները, քարոզները, խրատները, դասաւանդութիւնները եւ բոլորն ալ վերիվարոյ կը հասկնան ըսուածներուն իմաստը: Սակայն քանի՞ հոգի կը կիրարկէ իր կեանքին ընթացքին զանոնք: Մի՛շտ քիչերը: Յոռետեսութիւն չէ՛ այս, այլ՝ իրատեսութիւն: Ուրեմն, նոյն բարոյագիտութիւնը, քաջատեղեակ ըլլալով իր բարոյախօսութեան ունեցած մասնակի ազդեցութեան, միջին ելք մը կը փնտռէ, հաւասարակշռելու համար իրավիճակը:
Քաջածանօթ ըլլալով այն իրողութեան, որ լաւութիւն ընելը ամէն մարդու գործ չէ՛, բարոյագիտութիւնը կը փորձէ համոզել մարդ էակը, ըսելով. «Լաւութիւն եթէ չես կրնար ընել՝ խնդիր չէ՛: Բայց եթէ ձեռքէդ գայ՝ վատութիւն մի՛ ըներ ուրիշին»:
Մարդկային փոխյարաբերական կեանքի ոսկի կանոններէն մէկն է այս, որ իսակապէս կրնայ չարը արգելակելու հզօր ուժով յայտնուիլ հանրութեան կեանքին մէջ: Դո՛ւն ալ, եթէ բարեգործ չե՛ս, լաւութիւն ընելու ատակ չե՛ս, գէթ փորձէ՛, եթէ ձեռքէդ գայ՝ վատութի՛ւն չընել: