ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ ամերիկահայ գրող Պետրոս Քելճիքի (1874–1959) անգելէնի թարգմանուած պատմուածքներուն հատորը՝ «Armenian-American Sketches» («Ամերիկահայ Պատկերներ») ։
Գլխաւորաբար ամերիկահայութեան առաջին սերունդին կեանքին նուիրուած այս պատմուածներուն հեղինակը Վահան Թոթվենցի մօրեղբայրն է։
Հատորին համախմբագիրներն են՝ Լու Էնն Մաթոսեան, Քրիսթըֆըր Ադամեան եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան. անոր մէջ կան 29 պատմուածներ, որոնց հայերէնէ օրինակները հրատարակուած եւ թարգմանուած են Արիս Սեւակի, Լու Էնն Մաթոսեանի եւ Վարդան Մաթէոսեանի կողմէ։
Գիրքին գինը 20 տոլար է։ Օրինակ մը ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել հրատարակչատան՝ (559) 278-3056 թիւով կամ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին՝ (559) 278-2669 թիւով։ Անիկա կը ծախուի նաեւ www. amazon.com կայքին վրայ։
Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն լոյս տեսած Հայկական շարքին, որուն շնորհիւ ցարդ հրատարակուած են 8 հատորներ՝ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին հետ գործակցաբար: