Դոկտ. Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփաուի «The Missing Pages. The Modern Life of a Medieval Manuscript from Genocide to Justice» («Պակսող Էջերը. Միջնադարեան Ձեռագիրի Մը Արդի Կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն Մինչեւ Արդարութիւն») գիրքը Անկախ հրատարակիչներու Ոսկեայ մրցանակին արժանացաւ, պատմութեան նուիրուած բաժանմունքին մէջ։
Նշենք, որ Զէյթունի Աւետարանի ոդիսականին նուիրուած այս հատորը անցեալ տարի նաեւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան (SAS) «Տէր Մկրտիչեան» մրցանակին արժանացած էր։