ՄՈՍԿՈՒԱ․- Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավար Միխայիլ Կորպաչով ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ բոլոր պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ իրենց ռազմական ծախսերը առնուազն 10էն 15 առ հարիւրով կրճատելու եւ այդ գումարները տրամադրելու քաղաքացիներուն առողջութիւնը երաշխաւորելու, բաւարար սնունդ եւ ջուր մատակարարելու ու կենսոլրտը պահպնելու ջանքերուն։ «Սակայն այդ բոլոր ջանքերը պիտի ձախողին, եթէ կառավարութիւնները շարունակեն հսկայական միջոցներ ներդրել սպառազինութիւններու մրցավազքին մէջ: Այսօր, առաւել քան յստակ է. պէտք է վերաբաշխել միջոցները, զինուորական նպատակներէն զանոնք ուղղել այնպիսի նպատակներու, որոնք կը վերաբերին մարդու ապահովութեան», կը գրէ Կորպաչով:
Ըստ անոր՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը բոլոր երկիրները նոյն սպառնալիքին առջեւ կանգնեցուցած է, «եւ ոչ ոք կրնայ զայն յաղթահարել, եթէ ինքնագլուխ գործէ»:
Կորպաչով կը յայտնէ, թէ «Քորոնա» ժահրէն ամէնէն շատ կը տուժէ չքաւոր խաւը եւ անիկա աւելիով կը խորացնէ ընկերային անհաւասարութիւնը:
«Որպէսզի աշխարհը համաճարակէն ետք իսկապէս դէպի լաւը փոխուի, համաշխարհային ռազմավարութիւն պէտք է ունենալ», կ՛եզրակացնէ ան: