ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Պի.Սի.»․- Միացեալ Նահանգներու Աշխատանքի վիճակագրութեան գրասենեակը 8 Մայիսին հաղորդեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած տնտեսական տագնապին հետեւանքով, Ապրիլ ամսուան ընթացքին 20․5 միլիոն ամերիկացիներ անգործ դարձած են, այդ ամսուան աւարտին անգործութեան համեմատութիւնը հասնցնելով 14․7 տոկոսի, ինչ որ բարձրագոյն համեմատութիւնն է 1948ին հաստատուած գրասենակին պատմութեան մէջ։ Անիկա նաեւ անգործութեան ամէնէն արագ աճն է երկրին պատմութեան մէջ։
Մարտին անգործութեան համեմատութիւնը 4․4 առ հարիւր էր։
Նշենք, որ 2008ի տնտեսական նահանջէն ետք, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը այս նոր տագնապին նախորդած տասնամեակին ընթացքին 22.8 միլիոն աշխատատեղի գոյացուցած էր։
Բաղդատականի մը համար նշենք, որ 1929էն 1939 երկարած Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսական տագապին ընթացքին արձանագրուած էր երկրին ամէնէն վատ անգործութեան համեմատութիւնը՝ 24.9 տոկոս։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակիn ճակատէն, աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 4 միլիոնի սահմանը, իսկ զոհերունը՝ 272,000ի։ Բուժուած են մօտաւորապէս 1․4 միլիոն վարակուածներ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 1․3 միլիոն, 77,190 եւ 220,000 են։