ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի COVID19ի Աշխատանքային յանձնախումին գործունէութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի անդամները ուտեստեղէն տրամադրեցին «Էտվենթիսթ», «Վըրտուկօ Հիլզ» եւ «Մեմորիըլ» հիւանդանցներու աշխատաւորներուն՝ երախտագիտութիւն յայտնելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակի այս օրերուն անոնց նուիրեալ ծառայութիւններուն համար։
ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղը նաեւ 5000 տոլար նուիրեց, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի COVID19ի Աշխատանքային յանձնախումին գործունէութեան ծիրը ընդարձակելու նպատակով, նոյն ժամանակ իր կեդրոնները տրամադրելով Կլենտէյլի քաղաքապետարանին, զանոնք «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին համար օգտագործելու նպատակով։
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի COVID19ի Աշխատանքային յանձնախումին մաս կը կազմեն տասնամեակներով համայնքին նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած Հայ Մշակութային Հիմնարկութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն, ՀՄԸՄէն, Համազգայինէն, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինէն ներկայացուցիչներ: