ՓԱՍԱՏԻՆԱ․- Փասատինայի ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին առաջնորդութեամբ եւ համագործակցութեամբ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան, «Code3Life» հաստատութեան, Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին՝ ուտեստեղէնի օժամդակութիւն կը տրամադրուի քաղաքին տարեց հայ կարիքաւորներուն։
Ապրիլ 7էն սկեալ, 52 բնակարաններու մէջ ապրող 65էն 95 տարեկան հայորդիներ կ՛օգտուին այս նախաձեռնութենէն։
Կամաւոր ջանքերով իրականցուող այս աշխատաքին նպաստած է նաեւ Փասատինայի Համայնքային հիմնարկութիւնը, որ այս նպատակին համար 10,000 տոլար նուիրած է, «Քորոնա» ժահրէն տուժածներուն օգտնելու իր ջանքերուն ծիրին մէջ։