ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ․- Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին առթիւ, Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, բարեխօսական աղօթք պիտի բարձրացուի Ազգային առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։
«Արարողութեան ընթացքին մեր աղօթքները պիտի վերառաքուին առ Աստուած, մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը խնդրելու, որպէսզի հաւատքով եւ յոյսով անսասան ընթանանք մեր հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան մէջ։ Մեր պահանջատիրութեան ձայնը անգամ մը եւս պիտի բարձրացնենք՝ յիշելու ու յիշեցնելու եւ վերահաստատելու մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման երթը աննահանջ շարունակելու մեր կամքը», կ՛ըսուի առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։
Նախքան բարեխօսական կարգը, պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց։
Բարեխօսական կարգը պիտի սփռուի ուղղակի, Ազգային առաջնորդարանի «Դիմատետր»ի էջէն՝ www.facebook.com/WesternPrelacy/։