ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- «Քորոնա» ժահրէն տուժած փոքր ծաւալի գործարարութիւն կատարողները, հիւնադանոցները եւ քննութեան կեդրոնները դաշնացային յաւեալ նպաստներ պիտի ստանան շնորհիւ Քոնկրեսի ղեկավարութեան եւ Սպիտակ տան միջեւ գոյոցած համաձայնութեան։
Այսպիսով, 2․2 եռիլիոն տոլարի աջակցութեան վրայ պիտի գայ աւելնալ 480 միլիառ տոլարի նոր աջակցութիւնը եւ արդէն իսկ քննարկումները սկսած են նահագային եւ տեղական կառավարման մարմիններուն օժանդակութիւն տրամադրելու այլ ծրարի մը վրայ։
Մինչ այդ, աշխարհի տարածքին, «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը 2,6 միլիոնի սահմանը անցաւ, իսկ մահացաշներուն թիւը՝ 181,000ի։ Վարակուածներէն առնուազն 711,000ը բուժուած են։ Ամերիկայի մէջ կան մօտաւորապէս 825,000 վարակուածներ եւ արձանագրուած են առաւել քան 46,000 մահեր։
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի ամէնէն թեժ պահուն, Իրանի վրայ բանեցուած ամերիկեան ճնշումները «անմարդկային» են: