ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Դեռ մարդկային իրաւանց հիմնարկութիւններ կամ ոչ-կառավարական կառոյցներ գոյութեան չեկած՝ վստահաբար իւրաքանչիւր մարդու ա՛յս իրաւունքը գոյութիւն ունէր, եթէ ենթական ստրուկ չէր: Հազար փառք Աստուծոյ, որ նախկին դարերու հասկացութեամբ ստրուկներ չկան աշխարհի մէջ եւ ամէն մարդ ունի իր անհատական կեանքը իր ուզած ձեւով ապրելու իրաւունքը:
Վերոյիշեալ բոլոր իրաւունքները անշուշտ սահմանագծուած են, հասնելով մինչեւ ուրիշին ունեցած իրաւունքին սահմանագիծը: Այսպէս կ՛ըլլայ քաղաքակիրթ աշխարհը. այսինքն, մէկու մը անձնական իրաւունքը կ՛աւարտի հոն, ուր կը սկսի ուրիշի մը իրաւունքը: Անոնք, որոնք ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ այս սահմանները չեն ճանչնար, տգէտ եւ անքաղաքակիրթ մարդոց ցանկին մաս կը կազմեն, յաւելեալ ժամանակ խլելով դատարաններէն՝ իբրեւ գող, յափշտակող եւ խռովարար ամբաստան ուելով տուեալ երկրի քաղաքացիական ատեանէն:
Ուզենք թէ չուզենք, աշխարհի մարդկութիւնը տարբեր խաւերու բաժնուած է: Նոյնիսկ համայնավարական կարգերու իշխանութեան տակ տառապող մարդկութիւնը կարելի է տարբեր խաւերու մէջ դասաւորել, որքան ալ հակաքարոզչութիւն տարուի այս ուղ-ղութեամբ: Դեռ չենք խօսիր սեւի ու սպիտակի, դեղնամորթի ու կարմրամորթի մասին, որոնց իրարմէ ունեցած արտաքին տարբերութիւններու խնդիրները մինչեւ այսօր կը տագնապեցնեն աշխարհը: Յանկարծ վարակիչ հիւանդութեան մը տարածումը աշխարհի մէջ եթէ այսինչ երկրէն սկսաւ, եւ եթէ այդ երկրին ժողովուրդին մորթը այս կամ այն գոյնն է, համայն աշխարհը այդ ցեղին դէմ կը դիրքորոշուի…: Ուրեմն, այս իմաստով դեռ կան խաւեր, նոյնիսկ եթէ համաշխարհայնացած ներկայ կեանքը չունի ցանկապատներ:
Մարդկային ընկերութեան խաւերուն մասին խօսած ատեն շուտով մեր միտքը կ՛ուղղուի դէպի գլխաւոր երկու խաւերը՝ հարուստներ եւ աղքատներ: Որքան ալ ազնուական եւ ռամիկ խաւերուն տարբերութիւնը շեշտեն մարդիկ, անոնք այս կամ այն ձեւով այս երկու խմբաւորումներուն մէջ պիտի դասաւորուին:
Այս երկու ընդհանրական խորագիրներուն տակ՝ հարուստներ եւ աղքատներ, կը ցուցակագրուին այլ կարողութիւններու տէր անձեր: Հարուստներու ցանկին մէջ կը մտնեն քաղաքական գործիչներու հետ մտերիմ ծանօթութիւններ ունեցողներ, միջ-նորդութիւն կատարող անձեր, իրենց խօսքը հատու դանակի ուժգնութեամբ բոլորին ծանօթացուցած հեղինակաւորներ եւ այլ «կարեւոր» անձնաւորութիւններ, որոնց օգ-նութեան շատ կը դիմեն միւս խմբաւորման տակ գտնուողներէն շատեր:
Իրենց կամ իրենց զաւակներուն գործին վերաբերող հարցերու պարագային, չէ՞ք տեսած, թէ ինչպէս անոնք ափ կ՛առնեն առաջին խմբաւորման տակ գտնուող մարդոց դռները, երբեմն աղաչելով, պաղատելով, հաւատարմութեան խոստումներ տալով, երախտագիտական կանխասաց խօսքերով, եւ…եւ…եւ…: Անոնք երբեմն կը յաջողին իրենց դիմումին պատասխանը ստանալ, երբեմն ալ ձեռնունայն կը հեռանան այդ դռնէն, այլ դռներ ափ առնելու անհատնում յոյսով:
Այս թշուառականներուն կողմէ ափ առնուած դռները նուիրապետական կարգ մը կ՛ունենան յաճախ: Անոնք կը սկսին ամէնէն «զօրաւոր»էն, որ իրենց ակնոցով «ա-մենակարող» կը թուի ըլլալ: Անոր ուժին, նախապէս կատարած գործերուն, անկարելին կարելի դարձնելու փաստերուն առջեւ բերանաբաց, խեղճերը կը դիմեն անոր, միշտ յուսալով որ նոյն բարեգործութիւնը նաեւ իրենց պարագային կը կատարէ ան: Այս յուսադրեալ մօտեցումը սակայն, միշտ ալ յաջողութեամբ չի՛ պսակուիր:
Յուսահատութիւնը երբեմն կը գերազանցէ յուսադրումը, եւ շատ աւելի վատ վիճակի կը մատնէ, արդէն այլապէս դժբախտ դիմորդը: Ան այս անգամ իր կազմած նուիրապետութեան աւելի նուազ աստիճանաւորին կը դիմէ, եւ այսպէս շարունակաբար կ՛իջնէ վար, հասնելու համար… չե՛մ համարձակիր ըսել, այո՛, կը հասնի Աստուծոյ:
Յիսուս «Դատաւորին առակը» կը պատմէ: Երկդիմի առակ է, որովհետեւ դատաւորը ի վերջոյ կը հագնի արդարութիւն գործողի վերարկուն, այսինքն Արդար Դատաւորին տեսնելիք դատը կ՛իրագործէ, արդարութիւնը հաստատելով: Բայց անոր առաջին կերպարը՝ անիրաւ, անգութ, Աստուծմէ չվախցող եւ մարդոցմէ չամչցող կերպարն է, որ իրաւազրկուածները անտեսող մարդոց իսկական կերպարն է: Ուրեմն ինչպէս ներկայ կեանքին մէջ բազմաթիւ անձեր կ՛ընեն այդ, այրի կինն ալ նախքան Աստուծոյ դիմելը, իր ձեռքին մէջ ունէր նուիրապետական այլ ցանկ մը, եւ ամէն դուռ ափ առնելէ ետք հասած էր իրենց քաղաքի «դատաւոր»ին քով:
Բայց դուն նախ որո՞ւն կը դիմես, այ՛ս է կարեւորը: Ձեռքդ եղած «զօրաւոր»ներուն նուիրապետական ցանկը գլխաւորողը ո՞վ է, կրնա՞ս ըսել: Ամէնէն վերջը Աստուծոյ դիմելը, Արարիչին նկատմամբ ապերախտութեան գագաթնակէտն է: Մարդկային ուղեղի գլխաւոր թերութիւնն է՝ Աստուծմէ աւելի՝ մարդոց վրայ յոյս դնելու տկարութիւնը: Անհաւատութիւնը շատ լայն ու ընդարձակ իմաստով բառ մըն է, որուն ամէնէն նեղ իմաստը կը վերաբերի Աստուծոյ գոյութեան հաւատալուն կամ չհաւատալուն: Այս է բուն խնդիրը: Չենք համոզուիր, երբ մարդիկ ըսեն, թէ «Այս մանրուք խնդիրներով Աստուծոյ չդիմելու համար մենք դիմեցինք այսինչ մարդուն»: Զայն երեխաները խաբելու հնարամիտ խօսք մը կը համարենք միայն: Ամէն մարդ կրնաս խաբել, բայց զԱստուած՝ երբեք: Իր հայրութեամբ, ամենակարողութեամբ, ամենատեսութեամբ եւ արագահասութեամբ պատրաստակամ ու յանձնառու Մէկը երբ ունիս, ինչո՞ւ կը դիմես ուրիշներուն, որոնք ո՛չ միայն Անոր կարողութիւնը չունին, այլեւ Անոր կողմէ իսկ ստեղծուած են:
Հակառակ կողմը դարձո՛ւր ձեռքիդ մէջ եղած «կարեւոր անձեր»ու նուիրապետութեան ցանկը: Գլխիվայր շրջէ անոր մէջ եղած անուանացանկը, որովհետեւ անոնց որոնց պիտի դիմես նախ, Աստուծմէ շատ աւելի տկար են, մինչ դուն Աստուծոյ անունը վերջաւորութեան թողեր ես, այն ալ վերջին վայրկեանի ջերմեռանդ աղօթքիդ վստահելով: Մի՛ մոռնար, որ Աստուած ամէն վայրկեան պատրաստ է լսելու աղօթքդ: Ամէն վայրկեան դուն Անոր ամենատես աչքին տեսադաշտին մէջ կը գտնուիս, ո՞ւր ալ ըլլաս, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ թաքնուած ըլլաս: Մի՛ կրկներ այն, ինչը նախահայրդ՝ Ադամը ըրաւ, ինքզինք պահելով դրախտի ծառերուն ետին: Ի՛նչ խնդիր որ ունենաս, նախ Աստուծոյ դիմէ, իսկ սուրբերը կրնաս զօրավիգ անձեր ընդունիլ քեզի, երբ խնդրամատոյց ըլլաս Աստուծոյ: Սակայն, մարդոց ուժին բնա՛ւ մի վստահիր, որովհետեւ անոնք կրնան քեզ մինակ ձգել, իսկ Աստուած՝ բնա՛ւ, երբե՛ք: Ան երբե՛ք քեզ պիտի չլքէ:
Բայց նախ Աստուծոյ կը դիմե՞ս: Մարդիկ, որոնք ֆիզիքապէս ներկայ են շրջապատիդ մէջ, իրենց համբաւով, նիւթական հնարաւորութիւններով, երբեմն փայլուն շրջազգեստներով, հաւանաբար շատ աւելի հրապուրիչ են քեզի համար:
Ծերունի իմաստուն բարեկամս իր կեանքին ընթացքին պատահած դէպքերու առիթով կողմնորոշուելէ առաջ՝ միշտ կ՛ըսէր. «Մէ՛յ մը Աստուծոյ հարցնենք»: Այսինքն հաւատքով կը դիմէր Անոր: Բայց դուն նախ որո՞ւն կը դիմես: