ՄՈՍԿՈՒԱ․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական գլխաւոր զինեալ խմբաւորումներ չեն ընդունած ռուս-թրքական համաձայնութիւնը եւ արտաքին աջակցութեամբ յաջողած են վերազինուիլ եւ յարձակողական դիրքեր գրաւել:
Նախարարութիւնը նշեց, որ այդ խմբաւորումները, որոնց շարքին է «Ճապհաթ Նուսրա»ն, մերժած են ընդունիլ վերջերս Իտլիպի մէջ զինադադար հաստատելու վերաբերեալ Մոսկուայի մէջ գոյացած ռուս-թրքական համաձայնութիւնները` օգտագործելով «Քայիտա»ի նոյն գաղափարաբանական սկզբունքները եւ ահաբեկչական գործելաոճը:
«Համախմբուած գործունեայ ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամներուն շարքին կան «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերութեան անդամներ, ներառեալ անոնք, որոնք Սուրիոյ այլ շրջաններէ «անվտանգութեան միջանցքներ»ու ճամբով հեռացուած էին», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ զինեալ խմբաւորումներու անդամները հանդարտութեան ժամանակը օգտագործած են, վերախմբուած են ու դարձեալ զինուած են` շնորհիւ արտաքին աջակցութեան, եւ անոնք յարձակումներ շղթայազերծելու պատրաստութեան մէջ են:
Նշենք, որ Կիրակի օր, «էմ․ 4» միջազգային մայրուղիին մօտ գտնուող Նայրապ գիւղին մէջ տասնեակներով ցուցարարներ հաւաքուած էին` արգելք հանդիսանալով ռուս-թրքական առաջին հսկողութեան ուժին շրջանէն անցնելուն: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ առնչութեամբ յայտարարած էր. «Թրքական կողմին յաւելեալ ժամանակ կը տրուի ահաբեկիչները վնասազերծելու եւ հսկողութեան ճամբան ապահովելու եւ բնակիչներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»: