ՄՈՍԿՈՒԱ․- Ռուսիոյ Սահմանադրական դատարանը վաւերացուց Ռուսիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աջակցութիւնը վայելող սահմանադրական փոփոխութիւնները:
Սահմանադրական փոփոխութիւնները Ապրիլին նախատեսուած հանրաքուէով վաւերացուելու պարագային պիտի մտնեն ուժի մէջ, Փութինին առջեւ ճամբան կը հարթելով 2024էն ետք յաւելեալ երկու նստաշրջաններ նախագահի պաշտօնը վարելու: