ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- 17 Մարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու գանձապետ Սթիւ Մընուչին յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը քննէ ամերիկացիներուն ուղղակի նիւթական աջակցութիւն յատկացնելու կարելիութիւնը, մեղմացելու համար «Քորոնա» ժահրին ստեղծած տնտեսական տագնապին հետեւանքները։
Նշենք, որ ըստ 17 Մարտի տուեալներուն՝ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցած է 185,000ի սահմանը, իսկ զոհերուն թիւը կը մօտենայ 7500ի։ Բուժուած են առաւել քան 80,000 ուրիշներ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը հասած է 5010ի եւ ցարդ արձանագրուած են 88 մահեր։
Իռանի մէջ, Երեքշաբթի արձանագրուեցան 135 մահեր, ինչ որ ցարդ մեծագոյն միօրեայ թիւն է այդ երկրին մէջ, ուր մահացած են մօտաւորապէս հազար քաղաքացիներ