Ֆութպոլի Եւրոպայի ազգային հաւաքականներու 2020ի ախոյեանութիւնը՝ «Եուրօ 2020»ը, յետաձգուեցաւ մէկ տարիով:
Որոշումը տրուեցաւ ԵՈՒԵՖԱին մասնակցող անդամներու տեսախորհրդաժողովին ընթացքին, որուն կը մասնակցէին ազգային դաշնակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը պիտի իրականանայ 2021ին` 11 Յունիսէն 11 Յուլիս:
Եւրոպայի ախոյեանութան 60ամեակին առիթով՝ որոշուած էր մցումները իրականացնել 12 քաղաքներու մէջ՝ Լոնտոն, Միւնիխ, Ս. Փեթերսպուրկ, Պաքու, Հռոմ, Պուխարեստ, Տապլին, Քոփենհակըն, Պիլպաօ, Կլասկօ, Պուտափեշտ եւ Ամսթերտամ: