ՍԻՄՈՆ ԱՃԸԼԱՉ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 8 Մարտ 2020ը տխուր օր մը եղաւ Լոս Անճելըսի պոլսահայ համայնքին համար, որովհետեւ շատ սիրուած եւ արժէքաւոր, երանաշնորհ պատրիարքի Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին վախճանման Ա. տարելիցին առթիւ, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան «Խաչատուրեան» դպրաց դասին եւ «Կոմիտաս» երգչախումբերուն խնդրանքով, ոգեկոչումի հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ։
Օրուան Ս. պատարագը մատուցանեց Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս Ընծայարանի տեսուչ Մարտիրոս Ա. քհնյ. Չեւեան, իրեն հետ ունենալով նոյն ընծայարանի ուսանող Թիմ սրկ. Ազնաւուրեան։ Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ճամբորդութեամբ քաղաքէն դուրս կը գտնուէր, հետեւաբար չկրցաւ իր ներկայութիւնը բերել։
Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ նոր նշանակուած Իրինա Կարապետեանի, Եկմալեանի շարականներով։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Խաչատուրեան» եւ «Կոմիտաս» երգչախումբերէն անդամներ։
Ներկայ էին Ս. Պետրոս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Պոլսահայ միութեան, «Խաչատրուեան» եւ «Կոմիտաս» երգչախումբերու ներկայացուցիչներ ու սգակիր պոլսահայեր՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու համար։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն առաջ, Շնորհք քհնյ. Տէմիրճեան հակիրճ խօսքերով արտայայտուեցաւ պատրիարք հօր վաստակին մասին։
Լոյսերու մէջ թող հանգչի մեր սիրելի երանաշնորհ պատրիարք հայրը։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»