ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Նոր Օր».- 1 Մարտին, Փասատինայի ԹՄՄ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք մը՝ ի նպաստ Արցախի յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն ՌԱԿի առաջադրած թեկնածուին՝ Մասիս Մայիլեանին եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի խորհրդարանական պատգամաւորներուն։
Յանուն ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակին՝ բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շրջանայինի ատենապետ եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր տոքթ. Րաֆֆի Պալեան՝ նշելով, որ ՌԱԿը աննախընթաց պատմական երեւոյթի մը առաջ կանգնած է, երբ կը մասնակցի ազատ եւ անկախ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Ահարոնեան, որ պատմականը ներկայացուց Արցախի մէջ ՌԱԿի հիմնադրման եւ հոն իրականացուցած եւ իրականացուելիք ծրագիրներուն։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Փանիկ Քեշիշեան, որ կարեւոր նկատեց ՌԱԿի միջոցաւ ազատական-ռամկավարութեան գաղափարախօսութեան տարածումը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ: Ապա, Գէորգ Հալէպլեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արցախի ընտրութիւններուն մասին։
Աւարտին, Արցախին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար եւ յանուն Արցախի Հանրապետական ՌԱԿի վարչութեան, պատուոյ կոչում շնորհուեցաւ ՌԱԿի վեթերան անդամ Յակոբ Նազարեանին, որ առողջական պատճառներով բացակայ էր։