Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպութեամբ՝ 8 Մարտին, Դամասկոսի ազգային օփերայի տան մէջ տեղի ունեցած մշակութային փառատօնին ընթացքին պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան նախագահ, պատմաբան եւ թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեանը:
Պարգեւները յանձնեց Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մուհամմետ ալ Ահմատի:
Այս առիթով պարգեւատրուեցան թարգմանիչներ, դերասաններ եւ այլ գործիչներ, որոնք իրենց ներդրումը բերած են Սուրիոյ մշակոյթի զարգացման գործին: