ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Աշխատանքային այցելութեամբ Յունաստան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ, 6 Մարտին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեսակցեցաւ յունահայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Երեկոյին բացումը կատարեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան, որ հակիրճ կերպով տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւնները, յատուկ կերպով անդրադառնալով Յունաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ստեղծուած ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտին ու արծարծուած հարցերուն։ Յաջորդաբար, ան կարեւոր համարեց յունահայ կառոյցներուն հետ հանդիպումը, որ առիթ կը ստեղծէ գաղութային գործօններուն անմիջական կերպով իրազեկ ըլլալու ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութեան մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան վերաբերեալ՝ նշելով այն բոլոր հարցերը, որոնց համար կուսակցութիւնը դիմած է գործնական քայլերու կամ՝ յստակ քաղաքական կեցուածքներու եւ առաջարկներու ներկայացումին։
Տէր Խաչատուրեան ծանրացաւ Արցախի մէջ եւ անոր համար կատարուած քաղաքական գործունէութեան, Արցախի հիմնահարցի լուծման ներկայ զարգացումներուն, ապա ներկայացուց Դաշնակցութեան մասնակցութեան առաջադրանքները՝ նախագահական եւ խորհրդարանական զոյգ ընտրութիւններուն։
Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն՝ աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յաձնախումբերուն կողմէ իրականացուող, կարեւոր համարելով տարբեր ցամաքամասերու մէջ տասնեակ տարիներ գործող կեդրոնական գրասենեակներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ նշանակալից նուաճումները։
Իր խօսքին աւարտին Յ. Տէր Խաչատուրեան առանձնացուց ՀՅԴի դերակատարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման մէջ, շեշտը դնելով Սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն, հայրենիքէն հեռու հայու ինքնութեան եւ հայեցի կրթութեան տագնապներու դիմագրաւումին, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, հայրենադարձութեան զարգացման եւ Սփիւռքի ներուժը հայրենիքի ի սպաս դնելու կարելիութիւններուն վրայ։
Լայն եւ բովանդակալից զեկոյցին աւարտին ներկաները բազմաթիւ հարցումներով եւ տեսակէտներու արտայայտութեամբ, հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը ծաւալեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 8 Մարտին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Թեսաղոնիկէ, հանդիպում ունեցաւ շրջանի հայութեան հետ, նաեւ մասնակցեցաւ հիւսիսային Յունաստանի կոմիտէութիւններու ժողովին։
Հայութեան հետ հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ «Գասապեան» կոմիտէին կողմէ Յովիկ Գասապեան։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մանրամասն կերպով ներկայացուց Դաշնակցութեան գործունէութիւնը հայրենիքի մէջ՝ իր քաղաքական եւ հասարակական երեսներով, անդրադարձաւ Դաշնակցութեան հիմնական կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն՝ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին վերաբերեալ, ապա լայնօրէն խօսեցաւ Արցախի, Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ անոր հիմնական գործունէութեան մասին։ Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներու ճամբով ստանալու յաւելեալ բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ զրոյցը ընթացաւ յատկապէս Հայաստանի ներքաղաքական իրականութեան շուրջ։ Ամփոփելով ժողովրդային հաւաքին ընթացքին արտայայտուած միտքերը՝ Սերգօ Գույումճեան մատնանշեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը Յունաստան կը միտէր հայորդիները աւելի հաղորդ դարձնել ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական օրակարգերուն եւ գործունէութեան, առանձնացնելով Դաշնակցութեան կենսական դերակատարութիւնը հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին։
ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ 6 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ՀՅԴ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կնքահայրութեամբ՝ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին 6 նորագիրներ մուտք գործեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը։ Նորագիրները կատարեցին իրենց երդումը՝ հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան վսեմ սկզբունքին եւ յանձնառութեան։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նորագիրներուն ուղղած իր խօսքին մէջ մատնանշեց Դաշնակցութեան 130ամեայ ծառայութեան մեծութիւնը եւ յորդորեց նորագիրներուն ծառայել հայ ժողովուրդին, կառչիլ հայրենիքի գաղափարին եւ հաւատարմօրէն նուիրաբերել իրենց ամբողջ ուժը հայութեան արդար դատի իրականացման։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ ընկերական ժողովին ընթացքին, լայնօրէն զեկուցեց ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենի եւ աշխարհասփիւռ գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին։