ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու եւրոպական ցանցը (ENNHRI) հրապարակած է Գաղթականներու եւ ապաստան հայցող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման վերաբերեալ յատուկ զեկոյցը, որուն մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին փորձը՝ գաղթականներու եւ ապաստան հայցող անձերու իրաւունքներու ապահովման առումով, նկատուած է Եւրոպայի առաջատարներէն մէկը:
Ընդհանուր առմամբ՝ ENNHRI-ի նպատակն է պաշտպանել եւ խթանել մարդու իրաւունքները Եւրոպայի մէջ: Կառոյցին անդամ են Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու ազգային 40 հաստատութիւններ: Ցանցը կը ծառայէ զանազան ոլորտներու մէջ անդամներուն միջեւ փորձառութեան փոխանակման, աջակցութեան եւ ընդհանուր հարցերու համար իբրեւ արդիւնաւէտ հարթակ:
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ պաշտպանին՝ յատուկ հաստատութիւններ տրուած մշտադիտարկման այցելութիւններուն: Նշուած է նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մարդու իրաւունքներու աշխատակազմերուն կողմէ սահմանային անցման կէտերուն մէջ միացեալ մշտադիտարկման փորձը:
Իբրեւ դրական օրինակ նշուած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին՝ ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան ներկայացուցչութեան եւ Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան համագործակցութեան ծիրին մէջ շահագրգիռ կողմերուն համար կազմակերպուած վերապատրաստումները եւ քննարկումները:
Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու եւրոպական ցանցը միջազգային զեկոյցին մէջ անդրադարձած է նաեւ «Գաղթականներու եւ ապաստան հայցող անձերու իրաւունքներու ապահովման վերաբերեալ» Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին արտակարգ զեկոյցին՝ մատնանշելով կատարուած ուսումնասիրութիւնները, օրէնս-դրութեան եւ Գաղթականութեան ծառայութեան որոշումներուն վերաբերեալ պաշտպանին առաջարկները: