ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Սի.Էյչ.Էյ.» առողջապահական ընկերութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող Հոլիվուտի Փրեզպիթերիըն բժշկական կեդրոնը (ՀՓԲԿ) 4 Փետրուարին տօնեց իր նորագոյն բաժանմունքին կմախքին ամբողջացումը եւ այդ առիթով տեղի ունեցաւ կմախքին վերջին մասնիկը հանդիսացող պողպատեայ գերանը ստորագրելու արարողութիւնը։

Բարձրագոյն մակարդակի սպասարկութիւններ տրամադրող հիւանդանոցին ընդարձակման ջանքերուն մէջ անկիւնադարձային այս հանգրունը տօնելու համար հաւաքուած էին առաւել քան 500 պաշտօնատարներ, անձնակազմի անդամներ, բժիշկներ, հիւանդապահներ եւ շինարարական ընկերութեան ներկայացուցիչներ։
Հինգ յարկանի հիւանդանոցի նոր շէնքին բացումը կ՛ակնկալուի 2021ին, իսկ անոր հիմնարկէքը կատարուած էր Մայիս 2018ին եւ անիկա մաս կը կազմէ երեք հանգրուանով իրականանալիք եւ 400 միլիոն տոլար արժող բարեկարգումի ծրագիրին։
Վերոնշեալ արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Ռապըրթ Էլըն ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները, կեդրոնին իրագործումները եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները։
Հոլիվուտի Փրեզպիթերիըն Բժշկական կեդրոնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել