ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Ֆիլոս Ծրագիրը» կազմակերպութեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութեան, Ամերիկա-Հելլենական խորհուրդին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, Երկուշաբթի, 17 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Պենի Մորիսի եւ Տրոր Զեւիի համահեղինակած՝ The Thirty-Year Genocide: Turkey՛s Destruction of its Christian Minorities («30 Տարիներու Ցեղասպանութիւնը. Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններուն Թուրքիոյ Կողմէ Բնաջնջումը») հատորին ներկայացումը։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ հատորին հեղինակներէն՝ Մորիսի եւ «Ֆիլոս Ծրագիրը» կազմակերպութենէն Ռապըրթ Նիքըլսընի հետ հանրային զրոյցի մը ընդմէջէն, որուն աւարտին ներկաները առիթ պիտի ունենան հարցումներ հարցնելու։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին հասցէն է՝ 200 North Spring Street, Los Angeles, CA 90012։
Մուտքը ազատ է, սակայն պէտք է տեղեր ապահովել՝ այցելելով www.eventbrite.com/e/the-thirty-year-genocide-a-discussion-with-benny-morris-tickets-90883548139?fbclid=IwAR0XNoO O1rKyyT_lRrtKWrKd8i Rw79VXe5PlX2K z8jqExbhslU3YocOI70c կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել info@philosproject.org հասցէին։