ՀԱԼԷՊ.- Սուրիոյ մէջ մէկ տարիէ ի վեր գործունէութիւն տանող Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը Սուրիոյ մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տոնոյեանի անունով Պատուոյ գիրեր յանձնեց բոլոր այն միութիւններուն եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն, որոնք գործակցած են մարդասիրական խումբին հետ: Այդ միութիւններն եւ հաստատութիւններն են՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, Ազգային պատսպարանը, Ազգային ծերանոցը, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եւ Կրթասիրաց մշակութային միութիւնը: