ՊՈԼԻՍ.- Մեր պաշտօնակից «Մարամարա» օրաթերթը կը փոխանցէ հետեւալ լուրը. «Մօտաւորապէս ամիսէ մը ի վեր ամբողջ համացանցը եւ սփիւռքահայ լրատու կայքերը օրակարգի վրայ կը պահէին հայաստանցի երգչուհի Ռուզաննա Մանթաշեանի անուան հետ կապուած դէպքը։ Յիշեցնենք, որ Ռուզաննա Մանթաշեան հրաւիրուած էր երգելու Տրեզտենի մէջ օփերայի հեղինակաւոր փառատօնի մը բացման հանդիսութեան ընթացքին, բայց ատրպէյճանցի երգիչ Եուսուֆ Էյվազով փորձած էր արգելք ըլլալ հայ երգչուհիի ելոյթին։ Այս հարցով թնճուկ մը ծնունդ առած էր 13 Յունուարին, որովհետեւ Էյվազով ըսած էր, որ կը մերժէր օփերայի թատրոնի պարահանդէսին ընթացքին բեմը բաժնել Ռուզաննա Մանթաշեանի հետ։ Այս յայտարարութենէն ետք արուեստի աշխարհին մէջ բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծուած էր եւ ի վերջոյ Տրեզտենի Օփերայի թատրոնի ղեկավարութիւնը յայտագիրին մէջ ներառած էր Ռուզաննա Մանթաշեանի ելոյթը։
Հայաստանեան լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ հայ սոփրանօն կրցաւ փայլիլ Տրեզտենի օփերայի թատրոնի բեմին վրայ ու հանդէս եկաւ Փիոթր Չայքովսքիի «Եվկենի Օնեկին» օփերայէն Թաթիանայի արիայի մեկնաբանութեամբ։
Հայ երգչուհիին փայլուն կատարումը «Եութիւպ»ի իր էջին վրայ հրապարակեց Գերմանիոյ կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը։ Հրապարակուած տեսանիւթէն յայտնի կը դառնայ, որ եւրոպական խստապահանջ հանդիսատեսը հայ երգչուհիի ելոյթին արձագանգած է յոտնկայս ծափահարութիւններով։ Նոյն համերգին ընթացքին բեմ ելաւ նաեւ ազերի Եուսուֆ Էյվազով։
Դիտել տանք որ Տրեզտենի օփերայի «Սեմփեր Օփերնպալլ» տարեկան համերգային յայտագիրը գերմանալեզու Եւրոպայի դասական երաժշտութեան ամենայայտնի իրադարձութիւնն է։ Այս փառատօնը 2006էն ի վեր կը միաւորէ հազարաւոր հանդիսատեսներ։ Հինգ ժամնոց համերգային յայտագիրը դիտելու համար ամէն տարի Տրեզտեն կ՛երթան համաշխարհային աստղեր, արուեստագէտներ, գիտնականներ եւ քաղաքական գործիչներ»։