ՏՈՒՊԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի հարաւ-արեւելեան Խուզեստան նահանգին մէջ, 22 Յունուարին սպաննուած է «Պասիժ» ժողովրդային զինեալ խմբաւորումի հրամանատարներէն մէկը: Իրանի պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նշեալ հրամանատարը Ապտոլհոսէյն Մոժատտամին է, որ կը տանէր շրջանի Տարխովին քաղաքին մէջ «Պասիժ»ի ղեկավարի պաշտօնը: Ան երկու անյայտ զինեալներու կողմէ գնդակահարուած է իր բնակարանին առջեւ, որմէ ետք քանի մը կասկածելիներ ձերբակալուած են, սակայն ցարդ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է ահաբեկումին պատասխանատուութիւնը:
«Պասիժ»ը կամաւորներէ բաղկացած կիսամարտական կազմակերպութիւն մըն է, որուն անդամները կը հսկեն իսլամական օրէնքին եւ կրօնական արժեչափերուն կատարման վրայ:
Անիկա մաս կը կազմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի կազմին, որուն նախորդ հրամանատարը՝ Քասեմ Սոլէյմանին ահաբեկուեցաւ ամերիկեան ուժերուն կողմէ։
Ըստ մօտաւոր գնահատականներու՝ «Պասիժ»ի անդամներուն թիւը կը հասնի 3-4 միլիոնի, իսկ անոր անդամները երբեմն կ՛ամբաստանուին մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնակոխելու եւ արտադատական վճիռներ գործադրելու յանցանքներով: